By Asbarez | Tuesday, 16 July 2013
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ դաշնակից քաղաքական ուժերուն հետ կը կատարուին հանդիպումներ եւ խորհրդակցութիւններ, որոնք մօտիկ ապագային կրնան դրական արդիւնքներու յանգիլ եւ դարձեալ գծել Մարտ 8ի քաղաքական ուժերուն պատկերը, ինչպէս որ էր նախկին շրջանին:
Պատասխանելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կատարած յայտարարութեան մասին հարցումի մը՝ Յ. Մխիթարեան նշեց, որ Պըրրիի յայտարարութիւնը քաղաքական յայտարարութիւն մըն է, որ ցոյց կու տայ, թէ ներքին առումով որոշ տարակարծութիւններ կան՝ տարբեր կողմերու տեսակէտներուն միջեւ, «սակայն սկզբունքներուն առումով այդ տարակարծութիւնները քաղաքական կեցուածքներուն եւ դիրքերուն էութեան չեն վերաբերիր», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ որոշ ժամանակաշրջանէ մը ի վեր արդէն իսկ բառին բուն իմաստով Մարտ 8ի եւ Մարտ 14ի քաղաքական ուժեր չկան:
«Պըրրիի յայտարարութիւնը մեր եւ մեր դաշինքներուն վրայ ուղղակի ազդեցութիւն չունեցաւ: Մեր դաշինքները տակաւին առկայ են, այլ խօսքով՝ մենք տակաւին դաշնակիցներն ենք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, Ամալ շարժումին եւ Հըզպալլային: Հետեւաբար, մենք մեր դիրքին ընդմէջէն բոլոր քաղաքական ուժերը իրար կամրջող օղակն ենք», շեշտեց Յ. Մխիթարեան՝ աւելցնելով, թէ ակնկալութիւններ կան, որ ներկայիս ընթացող խորհրդակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք, Մարտ 8ի քաղաքական ուժերուն միջեւ տարակարծութիւնները մօտիկ ապագային լուծուին:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan