Ուրուկուէյի Մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան Թանգարան

By Asbarez | Friday, 19 July 2013

ԿԱՐՕ ՀԵՔԻՄԵԱՆ

ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ, Ուրկուէյ.- Չորեքշաբթի, Յուլիս 17ին, մեր գաղութի տարեգրութեան մէջ արձանագրուեցաւ պատմական թուական մը եւս, երբ Ուրուկուէյի նախագահական նստավայրի գլխաւոր հանդիսասրահին մէջ, գաղութիս մեծ թիւով անդամներու, հրաւիրեալներու եւ պաշտօնակատարներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ Ուրուկուէյի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարան մը բանալու մասին յայտարարութիւնը:

Ներկայ էին Արժանթինի, Ուրուկուէյի եւ Չիլիի մօտ ՀՀ դեսպան Վահագն Մելիքեան, պատուոյ հիւպատոս Ռուբէն Աբրահամեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան, յարանուանութեանց կրօնական պետեր՝ գլխաւորութեամբ առաջնորդ Յակոբ արք. Գըլընճեանի, նաեւ ծերակուտական Ռաֆայէլ Միքելինի եւ պատգամաւոր Ռուբէն Մարթինեզ Ուելմօ, որոնք մղիչ ուժը հանդիսացան Ցեղասպանութեան թանգարան մը ստեղծելու բանաձեւի վաւերացման. ներկայ էր նաեւ զբօսաշրջութեան եւ երիտասարդական հարցերու նախարար Լիլիան Քէշիշեան:

Յաջորդաբար խօսք առին կրթութեան եւ մշակոյթի փոխնախարար Օսքար Կոմեզ, որ ընթերցեց պաշտօնական յայտարարութիւնը, Յակոբ արք. Գըլընճեան, ՀՀ դեսպան Վահագն Մելիքեան եւ կրթութեան ու մշակոյթի նախարար Ռիքարտօ Էրլիչ: Բոլոր խօսք առնողները շեշտեցին, թէ ստեղծուելիք թանգարանը մեծ ներդրում մը պիտի հանդիսանայ անհանդուրժողութեան, ժխտողականութեան եւ ատելութեան դէմ պայքարելու անյետաձգելի գործին մէջ:

Այս համարձակ յայտարարութեամբ, Ուրուկուէյի պետութիւնն ու կառավարութիւնը անգամ մը եւս ապացուցեցին, թէ իրենք չեն շեղած մարդկային հիմնարար իրաւունքներու պաշտպան մնալու սկզբունքէն եւ վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը, սատար հանդիսանալու Հայ Դատին՝ զօրավիգ կանգնելով անոր, որպէսզի իր վերջնական աւարտին հասնի 1915ի ահաւոր Եղեռնի օրերուն հայութենէն խլուած արդարութեան վերատիրանալու պայքարը:

Մեզի կը մնայ խորին երախտագիտութիւն յայտնել այս ասպնջական եւ հայասէր երկրի իշխանութիւններուն, որոնք գիտակցելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի անժամանցելիութեան՝ անոր նախօրէին դիմեցին նման քայլի մը:

Ուրուկուէյը առաջինը հանդիսացաւ՝ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը 1965ին, եւ այսօր՝ 2013ին, առաջին պետութիւնը կը հանդիսանայ Հայաստանէն դուրս Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան մը ստեղծելու գաղափարով:

Մարդկային իրաւունքներու ռահվիրա այս երկիրը, իր պետական, կառավարական եւ հասարակական կառոյցներով, դարձեալ առաջին գիծի վրայ կը մնայ, իսկ ինչ կը վերաբերի հայութեան եւ Հայաստանի արդար դատին սատարելու դիրքին՝ անիկա հաստատակամ է եւ պինդ, հակառակ նորանոր եւ բոլոր տեսակի ճնշումներուն:

comments

Advertisement