Գերմանիոյ Իշխանութիւնը 30,000 Եուրոյի Օգնութիւն Պիտի Տրամադրէ Սուրիահայութեան

By Asbarez | Monday, 22 July 2013

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նի-ուզ».– Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան 19 Յուլիսին սուրիահայութեան վերաբերող հարցերն ու անոնց օժանդակութիւն տրամադրելու կարելիութիւնները երկու անջատ հանդիպումներով քննարկած է Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Ռայնըր Մորելի եւ Ֆրանսայի դեսպան Հանրի Ռենոյի հետ:

Նախարար Յակոբեան դեսպաններուն ներկայացուցած է Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայութեան ընկերային, կրթական, առողջապահական, կեցութեան կարգավիճակին վերաբերող հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները: Նախարարը անդրադարձած է նաեւ սուրիահայերուն համար հրատապ լուծում պահանջող աշխատանքի ապահովման եւ բնակարանաշինութեան խնդիրներուն: Ան նաեւ խօսած է Աշտարակ քաղաքին մէջ կառուցուելիք «Նոր Հալէպ» թաղամասին մասին՝ դիտել տալով, որ Եւրոպական միութեան երկիրներէն կ՛ակնկալուի օժանդակել սուրիահայութեան՝ Սուրիոյ գաղթականներուն տրամադրուած օգնութեան տարբեր ծրագիրներու ծիրին մէջ։

Գերմանիոյ դեսպանին հետ հանդիպումին ընթացքին երկուստեք կարեւոր նկատելով հայկական Սփիւռքի ներգրաւուածութիւնը Գերմանիոյ հասարակական, մշակութային կեանքին եւ այլ ոլորտներուն մէջ, կողմերը համագործակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւն յայտնած են: Դեսպանը իր կարգին մտահոգութիւն յայտնած է Սուրիոյ մէջ տիրող քաղաքացիական պատերազմին իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ եւ անդրադառնալով սուրիահայերուն աջակցութեան հարցին՝ նշած է, որ գերմանական իշխանութիւնը «Առաքելութիւն Հայաստան» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան միջոցով սուրիահայերուն 20,000 եուրոյի օգնութիւն տրամադրած: Յառաջիկային կը նախատեսուի 30,000 եուրոյի օգնութիւն եւս տրամադրել:

Դեսպան Հանրի Ռենոյի հետ հանդիպումին ընթացքին նախարար Յակոբեան դիտել տուած է, որ Հայաստանի մէջ ապրող սուրիահայերուն 80 տոկոսը կը բնակի վարձով եւ անոնք բնակարան ունենալու հարց ունին։

Դեսպանը իր խօսքին մէջ յայտնած է, որ Ֆրանսան երկար ատենէ ի վեր կը փորձէ լուծում գտնել Սուրիոյ տագնապին, ինչպէս նաեւ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ շրջանի քրիստոնեաներուն։ Այս իմաստով մեր ցուցաբերած օժանդակութիւնը կրկնակի է, ե՛ւ որպէս Եւրամիութեան անդամ երկիր, ե՛ւ որպէս Ֆրանսայի Հանրապետութիւն, յայտնած է ան: Սուրիացի գաղթականներուն համար մենք 700 միլիոն եուրոյի օգնութիւն տրամադրած ենք: Հասկնալով ձեր դիմաց ծառացած խնդիրները՝ ես անմիջապէս իմ ղեկավար մարմիններուս պիտի փոխանցեմ ձեր խնդրանքն ու առաջարկները, որոնք, կը կարծեմ, թէ պիտի ունենան արձագանգ եւ պիտի ստանան աջակցութիւն:

Սուրիահայերուն կարիքները ճիշդ գնահատելու եւ սուրիահայերուն տրամադրուող օգնութիւնը արդիւնաւէտ կերպով համադրելու նպատակով համաձայնութիւն կայացած է գործակցիլ «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն»ին հետ։

comments