By Asbarez | Tuesday, 30 July 2013
Լիզպոնի գործողութենէն 30 տարի ետք համայն հայութիւնը տակաւին լաւապէս կը գիտակցի հինգ հերոս տղոց կատարածին կարեւորութեան:
Լիզպոնի հերոսներու յիշատակի ոգեկոչման երթով լիբանանահայութիւնը Պուրճ Համուտի հրապարակէն իր քայլերը ուղղեց դէպի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, ուր կը գտնուին Լիզպոնի տղոց շիրիմները:
«Քալեցին լիբանանահայերը՝ ՀՄԸՄի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, քալեցին առանց տարիքի խտրականութեան, իրենց սրտերուն եւ մտքերուն մէջ կրելով պատգամը Սիմոնին, Սարգիսին, Սեդրակին, Վաչէին ու Արային, ինչպէս նաեւ անգամ մը եւս հաստատելու, որ իրենք տէրն են այն համոզումներուն, այն գերագոյն նպատակներուն, որոնց համար զոհուեցան մատղաշ տղաքը», կը գրէ «Ազդակ» օրաթերթը:
Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, ապա բոլոր ներկաները 5 հերոսներու հոգիներուն համար մոմեր վառեցին եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին անոնց շիրիմին վրայ:
Այս առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին բացումը կատարեց Նազօ Փոլատեան, որ խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել Լիզպոնի հինգին յիշատակը:
Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան (ԼԵՄի) խօսքը արտասանեց Գօգօ Էքմեքճեան, որ լուսարձակի տակ առաւ 27 Յուլիս 1983ին Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցածին կարեւորութիւնը՝ հայութեան իրաւունքներու վերատիրացման եւ Հայոց Ցեղասպանութեամբ հայութեան հասած մեծ հարուածին հակազդելու իմաստով: Ան դիտել տուաւ, որ խենթ զոհաբերութեամբ մը Լիզպոնի տղաքը ցնցեցին համաշխարհային կարծիքը, խոր քունէ արթնցուցին աշխարհը, բոլորին հայեացքը ուղղեցին դէպի 20րդ դարու առաջին ծրագրուած ցեղային բնաջնջումը, դէպի մարդկային պատմութեան ամօթի անկիւն մը, որ մինչ այդ անտեսուած էր:
Ան դիտել տուաւ, որ երիտասարդութեան համար Լիզպոնի գործողութիւնը պատգամ է՝ ընդդէմ ձուլումի, օտարամոլութեան, հայկական ինքնութիւնն ու ոգին խաթարող որեւէ մարտահրաւէրի:
Ապա Հրակ Փափազեան շուիի վրայ նուագեց երկու երգ:
Օրուան բանախօսն էր Յակոբ Հաւաթեան, որ իր խօսքին սկիզբը դիտել տուաւ, թէ Լիզպոնի գործողութեան 30ամեակին առիթով 30 ֆրանսահայեր՝ Ֆրանսայի տարբեր շրջաններու Հայ Դատի մարմիններէ, Լիբանան եկած են իրենց ուխտը կատարելու:
Ան յայտնեց, որ 30 տարի ետք անգամ մը եւս հաւաքուած ենք հաղորդուելու Լիզպոնի գերագոյն զոհաբերութեան պատգամով, թէեւ փոխուած են ժամանակները եւ պայմանները. այս 30 տարուան ընթացքին դրական ու ժխտական զարգացումներ արձանագրուած են, սակայն արդարութեան վերականգնման համար, հայ ժողովուրդի անկորնչելի իրաւունքներու վերատիրացման համար, հայութեան հաւաքական նկարագիրի դրսեւորումը կը շարունակէ մնալ նոյնը՝ իր վճռակամութեամբ, իր գաղափարական ընկալումով եւ քաղաքական զգաստութեամբ:
Յ. Հաւաթեան դիտել տուաւ, որ Լիզպոնի հինգին գերմարդկային նուիրագործումը կը պարտադրէ վեր բարձրանալ անձնականէն եւ հաւաքականը առաջնահերթ նկատել: Իր խօսքը Սագոյի, Վաչէի, Արայի, Սեդրակի եւ Սիմոնի հետ երկխօսութեան ձեւով դրսեւորելով՝ բանախօսը լուսարձակի տակ առաւ անցնող 30 տարիներուն ընթացքին Հայաստանի, Սփիւռքի, յատկապէս Լիբանանի, նաեւ Հայ Դատի կեանքին մէջ արձանագրուած հիմնական իրադարձութիւնները, հայութեան դիմաց ցցուած մարտահրաւէրները եւ այն քայլերը, որոնք կ՛առնուին հայութեան ինքնութեան, Հայ Դատի պայքարի հետապնդման ի խնդիր: Ան հաստատեց, որ տղոց սերնդակիցները տակաւին կ՛ապրին իրենց 5 ընկերներուն կարօտով, յիշատակներով ու կը փորձեն նորահաս սերունդին մէջ նաեւ անմար պահել անոնց վառած խարոյկը, իսկ պահանջատէր երիտասարդութիւնը կը հաստատէ, որ խարոյկը անմար է եւ պիտի շարունակէ այդպէս մնալ:
Իր խօսքը եզրափակելով՝ Յակոբ Հաւաթեան ըսաւ. «Եկէք խոնարհինք հինգ անձնուրաց հերոսներու յիշատակին դիմաց եւ հաւաքաբար վերանորոգենք մեր ուխտը՝ ամրօրէն կառչած մնալու անոնց աւանդին, շարունակելու անոնց բացած ուղիէն քալած յայտնի թէ անյայտ նուիրեալներու երթը, մեր համազգային աննահանջ երթը՝ ի խնդիր մեր մեծ երազի իրականացման…»:
Լիզպոնի տղոցմէ Սիմոն Եահնիեանի քրոջ դուստրը՝ Նանօր Թորոյեան, ասմունքեց, ապա ցուցադրուեցաւ հինգ հերոսներուն նուիրուած տեսաերիզ մը, որմէ ետք Գէորգ Պեպեճեան մեկնաբանեց երկու երգ:
Աւարտին, ԼԵՄի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան Լիզպոնի հինգ տղոց հարազատներուն, որոնք նաեւ ստացան յուշանուէրներ՝ այս առիթով իբրեւ ուխտագնացութիւն Լիբանան գտնուող ֆրանսահայերուն կողմէ:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan