By Հուրրիյէթ | Monday, 28 March 2011
ԱՆԳԱՐԱ, «Հուրրիյէթ».- Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցային հետախուզական գրասենեակը (Էֆ.Պի.Այ.) քննութիւն բացած է Ամերիկայի տարածքին Ֆեթհուլլա Կիւլենի շարժումի հովանիին տակ աշխատող բազմաթիւ թրքական դպրոցներուն շուրջ, կասկածելով, որ այդ դպրոցներուն ցանցը կ՛օգտագործուի իբրեւ միջոց՝ ԱՄՆ ներգաղթելու արտօնագիրներ ապահովելու գործարքներ իրականացնելու համար:
Կիւլենի գլխաւորած կրօնական կազմակերպութիւնը միայն ԱՄՆի մէջ կը հովանաւորէ 120 «չարթըր» դպրոցներ, որոնց պիւտճէն կը տրամադրուի ամերիկեան կառավարութեան կողմէ:
Քննութեան տակ է յատկապէս Փենսիլվենիոյ մէջ գտնուող «Թրուպրայ»չ կոչուած քոլեճը, որ առանձինն աւելի քան երեք միլիոն տոլար յատկացում կը ստանայ Ֆիլատելֆիոյ կրթական բաժանմունքէն՝ իր 348 աշակերտներուն ծախսերը հոգալու համար:
Կիւլեն, որ 1999էն ի վեր կ՛ապրի ԱՄՆ, կը նկատուի չափաւոր կրօնական ղեկավար մը, որուն ազդեցութիւնը մեծ է թրքական պետական կառոյցներու մէջ գործող պաշտօնեաներուն վրայ:
Նշենք, որ միայն 2009ին, Կիւլենի հովանիին տակ աշխատող ամերիկեան դպրոցները թրքերէնի 684 ուսուցիչներ Ամերիկա բերելու արտօնագիր ստացած են:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan