Նորվան Արք. Զաքարեան Կը Հակադարձէ Մայր Աթոռին

By Asbarez | Monday, 12 August 2013

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».– Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ  խնդրած է հիմնաւորել իր կողմէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հասցէին կատարուած այսպէս ասաց «անհիմն գնահատականների» մասին Յուլիս 30-31ին Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած Գերագոյն խորհուրդէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ տեղ գտած տողերուն: Նամակին մէջ յատկապէս նշուած է.

«Յուլիս 30-31ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ Գերագոյն խորհուրդի ժողովէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կարդացինք: Այնտեղ գրուած էր ի միջի այլոց մեր հասցէին ուղղուած հետեւեալ տողերը.

«Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը նաեւ ափսոսանք յայտնեց հրաժարականում Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հասցէին ուղղուած անհիմն գնահատականների առնչութեամբ»:

«Վերոյիշեալ ժողովին ընթերցուելու խնդրանօք մենք 4 էջնոց բացատրողագիր մը ղրկած էինք «անհիմն գնահատականների» առնչութեամբ: Այդ մասին հաղորդագրութիւնը ոչ մէկ նշում կատարած է: Եթէ «անհիմն» որակուած էր բացատրողագիրն ալ, կը խնդրենք Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի գերաշնորհ եւ պատուարժան անդամներէն, որ բարի ըլլան հիմնաւորել մեր «անհիմն գնահատականները»: Այլապէս կը հաստատենք, որ եկեղեցականի մեր արժանապատուութիւնը անգամ մը եւս վիրաւորուած է»:

«Արդէն որոշ ժամանակ է, ինչ ես նկատում եմ, որ ձեզ հաճոյք կը պատճառէ ցիս նուաստացնելն  ու վարկաբեկելը: Իմ հասցէին ձեր որակումները պարզապէս կը յարուցեն իմ զարմանքս: Հաւանաբար, դուք չէք նկատեր, որ ոտնատակ կ՛ընէք մարդոց արժանապատուութիւնը:

«Վերջինը 2013 Յունիս 29ի դէպքն էր: «Շարլ տը կոլ» օդանայանին մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի, ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի, դեսպան Վիգէն Չիթեչեանի, հոգեւոր եւ աշխարհիկ այլ անձերու ներկայութեամբ դուք յարձակեցաք վրաս հետեւեալ խօսքերով, որոնք սարսափ յառաջացուցին իմ մօտ. «Եթէ հայր Վաչէ Հայապետեանին մինչեւ Յուլիսի 1ը պահակութեան պարտականութիւնից չազատես եւ եթէ թեմը նրան չվճարի ամէնամսեայ աշխատավարձը, ապա անելիք չունես էջմիածնում»: Պահ մը ես ինձ կորսցնելով, ես փորձեցի ստուգել լսածս եւ դուք կրկնեցիք:  Նախորդ օրը ես արդէն ցնցուած էի ձեր խօսքերէն. «Հայր Վաչէի պարեգօտը իմ պատիւն է, եւ այն պէտք է լինի նաեւ քո պատիւը եւ իւրաքանչիւր հայ հոգեւորականի պատիւը»:

«Ձերդ սրբութիւն,  ես ոչ ժամանակ, ոչ տրամադրուածութիւն ունիմ կառավարելու անկառավարելի հոգեւոր սպասաւորները,  որոնք դաստիարակուած են «պիզնես»ի հոգեբանութեամբ: Եթէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բարեկեցութիւնը ընդամէնը հրահանգ է կամ կանոնադրութիւն, եթէ անոր նպատակը միայն վարչական կարգուկանոնի ապահովումն է, ապա Աթոռանիստ վանքին մէջ կը  բացակային  սէրն ու երանութիւնը: Կը ցանկայի, որ մեր Սուրբ եկեղեցին չշեղի իր առաքելութեան բովանդակութիւնէն»:

comments