Հալէպ-Երեւան Ճամբուն Վրայ Դարձեալ Հայ Երիտասարդներ Կ՛առեւանգուին

By Asbarez | Tuesday, 13 August 2013

Թուրքիոյ սահմանին մօտ Շաբաթ օր անգամ մը եւս յարձակումի ենթարկուած է հանրակառք մը, Հալէպ-Երեւան ճամբուն վրայ: Առեւանգուած են 4 հայ տղամարդիկ. նախնական տուեալներով՝ 3ը ուղեւորներ են, 1ը՝ վարորդը:

Առեւանգեալներուն ճակատագիրը անյայտ է: Հանրակառքին մէջ եղած են նաեւ ազգութեամբ հայ կիներ եւ աղջիկներ, որոնք վերադարձած են Հալէպ:

Նաեւ, Շաբաթ օր, Հալէպի Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ արձակազէնի մը կրակոցէն 30ամեայ հայ տղամարդ մը վիրաւորուած է: Բարեբախտաբար վիրաւորին վիճակը ծանր չէ:

comments