Սուրիահայ Զինուոր Մը Զոհուած Է

By Asbarez | Friday, 16 August 2013

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Սուրիահայ զինուորի մը մահուան լուրը հաղորդուեցաւ 16 Օգոստոսին։ Հալէպի հայ համայնքէն «Նիուզ»ին յայտնած են, որ սուրիական բանակին մէջ ծառայող զոհուած զինուորը Վրէժ Քէշիշեանն է՝ 1991ի ծնունդ: Հալէպահայ երիտասարդը զոհուած է Իտլիպ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին:

Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած պատերազմական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք, մինչեւ օրս զոհուած է 10 սուրիահայ զինուոր։

comments