Արժանթինեան Ատեանը Հաստատեց Հայկական Ցեղասպանութիւնը

By Պլումպըրկ | Tuesday, 05 April 2011


ՊՈՒԵՆՈՍ ԱՅՐԵՍ, ՊՈԼԻՍ, «Պլումպըրկ», «Մարմարա».- Արժանթինեան ատեան մը Ուրբաթ, Ապրիլ 1ին, ցեղասպանութիւն որակած է 1915-1923ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ բնակչութեան նկատմամբ կատարուածներն ու բռնի տեղահանութիւնը։ Դատաւոր Նորպերթօ Օյարպիտէ շատ յստակ ու մանրամասն բանաձեւուած դատավճիռի մը մէջ կը խօսի մէկուկէս միլիոն հայերու հետեւողական կերպով բնաջնջման մասին ու կը յայտարարէ. «Թրքական պետութիւնը 1915-1923 թուականներուն ցեղասպանութեան յանցանքը գործած է հայ ժողովուրդին նկատմամբ»։

ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ դատավճիռը կայացած է աւելի քան տասը տարի առաջ սկիզբ առած դատական գործով մը, որուն նախաձեռնողը Կրեկորիօ Հայրապետեանն է։ Ան դիմած էր Արժանթինի արդարադատութեան՝ պահանջելով տեղեկութիւններ հաղորդել Հայկական Ցեղասպանութեան զոհ դարձած՝ Սվազէն ու Խարբերդէն իր ծնողներու եւ ազգականներու ճակատագիրին մասին։

Դատավճիռին մէջ կ՛ըսուի. «Իբրեւ եզրափակում բնոյթով յայտարարական սոյն որոշումին, հարկ է յիշատակել Արժանթինի թիւ 26.199 օրէնքը, զոր երկրի օրէնսդիր իշխանութիւնը քուէարկեց 2006ի Դեկտեմբեր 13ին, եւ ուժի մէջ մտաւ 2007ի Յունուար 11ին։ Ըստ այդ օրէնքին, Ապրիլ 24ը յայտարարուած է Հանդուրժողականութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ յարգանքի օր՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան»։

Շաբաթավերջին, Թուրքիոյ մամուլը արձագանգած էր այս լուրին՝ դիտել տալով, թէ ասիկա առաջին անգամն է, որ դատարան մը վճիռ կ՛արձակէ այն մասին, թէ Ցեղասպանութեան հեղինակներուն դէմ կարելի է դատական հետապնդում կատարել համաշխարհային չափանիշով։ Մամուլը նաեւ դիտել կու տայ, որ դատարանին վճիռը պատժական որեւէ տրամադրութիւն չունի Թուրքիոյ նկատմամբ, բայց յայտնի է, որ հայկական կազմակերպութիւնները այսուհետեւ միջազգային հրապարակներու վրայ ու դատարաններու մէջ իբր փաստ պիտի գործածեն արժանթինեան դատարանին կողմէ արձակուած այս վճիռը։

comments

Advertisement