By Asbarez | Monday, 09 September 2013
Ինչպէս նախապէս տեղեկացուցած էինք, Ուրբաթ, 30 Օգոստոսի երեկոյեան տեղի ունեցաւ բացումը Այնճարի ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» վերանորոգուած ժողովրդային տան:
Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Կարօ Փիլաւճեան: Ան ներկաները հրաւիրեց յոտնկայս յարգելու նահատակ ընկերներուն յիշատակը, ապա յայտնեց, որ «վերանորոգուած ժողովրդային տան բացումը յատկանշական օր մըն է «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաշնակցական օրատետրին վրայ»:
ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Յակոբ Այնթապլեան, որ շեշտեց կեդրոնի կարեւորութիւնը՝ ընդհանրապէս Լիբանանի եւ յատկապէս Այնճարի հայութեան համար:
ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ Տիգրան Ճինպաշեան փոխանցեց այս առիթով իր սրտի խօսքը: Ան անդրադարձաւ մեր ակումբներու առաքելութեան եւ ըսաւ. Անոնք սոսկական ժողովասրահներ չեն միայն, այլ նաեւ՝ հայ մշակոյթի եւ հայկական կեդրոններ, որոնք կը ծառայեն մեր ժողովուրդին»:
Ան անդրադարձաւ դաշնակցական մեծ նահատակ Սարգիս Զէյթլեանի կեանքին ու գործին, յատկապէս վեր առնելով անոր մեծ ներդրումը Լիբանանի գաղութային կեանքին մէջ աւելի քան երեք տասնամեակներու ընթացքին:
Ստորեւ կը ներկայացնեն այս առթիւ առնուած նկարներու փունջ մը.
Այս Էջը Կը Հովանաւորեն
ՀՐԱՉ ԵՒ ԾԱՂԻԿ ԳԱՏԵԱՆ
comments
Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի նոր կայքէջը
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan