By Asbarez | Monday, 09 September 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Նկատի ունենալով, որ Հալէպի հետ հաղորդակցութեան միջոցները վերջին շրջանին խանգարուած էին եւ միայն նախորդ օր վերսկսան գործելու, Հալէպէն աղբիւրներ տակաւին նոր կրցան տեղեկացնել, որ Հալէպի Սուլէյմանիա շրջանին մէջ մօտ մէկ շաբաթ առաջ ինկած հրթիռին պատճառով երեք հայեր մահացած են։ Ըստ հալէպահայ աղբիւրներուն, քաղաքը կը գտնուի ամբողջական շրջափակման մէջ, շաբաթը քանի մը անգամ քաղաքէն դուրս ելլել փորձող պասերը միշտ կը վերադառնան, քանի որ փակ են բոլոր ճամբաները։ Անոնց համաձայն՝ քաղաքին մէջ վառելանիւթ ընդհանրապէս չկայ, բոլոր կայանները փակ են, ձեռքի վրայ երբեմն կը վաճառուի, բայց շատ բարձր գիներով: Սննդամթերքի գիները եւս շատ սուղ են։
Նշուեցաւ նաեւ, որ շուրջ 1.5 ամիս առաջ Սուրիոյ մէջ՝ Հալէպ-Երեւան ճամբուն վրայ առեւանգուած հայորդի Նարեկ Վարժապետեան ազատ արձակուած է:
Վարժապետեանի ազատ արձակման մասին լուրը հաղորդած է անոր հայրը՝ Ստեփան Վարժապետեան, Դիմատետրի էջին վրայ կատարած արձանագրութեան ճամբով։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan