By Asbarez | Wednesday, 11 September 2013
Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ
Վսեմաշուք Տիար Սերժ Սարգսեան,
Կը տեղեկացնենք ձեզի որ, Ուրուկուէյի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Յակոբ արք. Գլնճեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուաւոր հիւպատոս պրն. Ռուբէն Աբրահամեանի նախաձեռնութեամբ, կազմուած է Ուրուկուէյահայ համայնքի կազմակերպութիւններու՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման յանձնախումբը:
Միաժամանակ, մեծ գոհունակութէամբ կը հաղորդենք ձեզի որ Ուրուկուէյի թիւ 18834 օրէնքի, յօդուած 205ի համաձայն, մեր երկրին մէջ պիտի կառուցուի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Պետական թանգարան մը:
Այս ծրագիրը պաշտօնապէս ներկայացնելու նպատակով՝ կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութեան եւ նորաստեղծ յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Յուլիս 17ին Ուրուկուէյի նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, կարեւոր անձնաւորութիւններու ներկայութեամբ:
Ձեռնարկի ընթացքին ընթերցուեցաւ Ուրուկուէյի Արեւելեան հանրապետութեան նախագահ Խօսէ Մուխիքայի պատգամը, կարեւորելով Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի առաքելութիւնը:
ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՉԵՂԵԱԼ ՀԱՄԱՐԵԼՈՒ ԿՈՉ ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ
Վսեմաշուք Տիար Սերժ Սարգսեան,
Այս նամակով կը փոխանցենք ձեզի Ուրուկուէյահայ Համայնքի կազմակերպութիւններու՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման յանձնախումբի՝ մեծամասնութեան ձայնով ընդունած հետեւեալ որոշումը.
«Առաջարկել ՀՀ նախագահին՝ չեղեալ համարել Հայաստանի ստորագրութիւնը 2009ի հայ-թրքական երկու արձանագրութիւններու վրայէն, քանի որ անիկա կրնայ խոչընդոտել Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը»:
Յարգանքով՝
ՀՅԴ «Վռամեան» Կոմիտէ, ՀՕՄի «Ռուբինա» Մասնաճիւղ, ՍԴՀԿ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Կեդրոնական Վարչական Խորհուրդ, Մարաշի Հայրենակցական Միութիւն, Եոզկատի Հայրենակցական Միութիւն, Ուրուկուահայ Բազմամիութենական Կազմակերպութիւն, Հայ Ազգային Կեդրոն, «Արմէնիա» Հրապարակի Ազգային Յանձնախումբ, Հայուեաց Բարեսիրաց Տիկնաց Միութիւն, Հայաստան- Ուրուկուայ Մշակութային Ընկերակցութիւն
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan