Թուրք Գրող Քեմալ Եալչըն Ներողութիւն Կը Խնդրէ Հայերէն

By Asbarez | Monday, 11 April 2011

ԱԹԷՆՔ.- ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ «Սթոխասթիս» հրատարակչատան գործակցութեամբ, Երկուշաբթի, Ապրիլ 4ի երեկոյեան ժամը 7:30ին, Աթէնքի «Սթոա Թու Վիվլիու» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ թուրք գրագէտ Քեմալ Եալչընի «Քեզ Համար Սիրտս Կը Տրոփէ» գիրքին ներկայացումը:

Մէկ օր առաջ, նոյն գիրքի ներկայացումը կազմակերպուած էր Սալոնիքի «Տէր Զաքարեան» սրահէն ներս:

Հայ եւ յոյն ներկաներով լեցուն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գիրքին յունարէն հրատարակութեան ներկայացումը՝ ՀՅԴ Յունաստանի կեդրոնական կոմիտէի, Հայ Դատի յանձնախումբի, ՀԿ Խաչի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄի շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչներու, հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց, ուսուցիչներու ու մամլոյ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Գերմանիա բնակող թուրք գրող Քեմալ Եալչըն, թուրք հեղինակներու առաջիններէն է, որ անդրադարձած է հայկական նիւթերու, մասնաւորապէս՝ իսլամացած ու քօղածածկ հայերու, տեղահանութիւններու, Թուրքիոյ կողմէ Բ. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին հայերու եւ ոչ-մահմետական մնացեալ քաղաքացիներուն հանդէպ կիրարկուած քաղաքականութեան, երբ հարկերու վճարման հսկայ գումարներ պարտադրուեցան՝ ոչնչացնելով մեծ ջանքերով ապահովուած հարստութիւններ, եւ այլն։

Քեմալ Եալչընի այս գիրքը Թուրքիոյ մէջ բիրտ «ընդունելութեան» արժանացաւ, երբ կրակի տրուեցաւ ուրիշ գիրքերու հետ։ Այս իրողութիւնը սակայն բնաւ արգելք չեղաւ, որ գիրքը թարգամանուի ու տարածուի այլ երկիրներու մէջ:

«Սիրելի քոյրեր, սիրելի եղբայրներ եւ ընկերներ. սիրով եւ յարգանքով կը դիմեմ ձեզ» խօսքերը հայերէն, յունարէն եւ թրքերէն լեզուներով արտասանելով՝ թուրք գրագէտը սկսաւ իր խօսքը:

Ապա ան, ի միջի այլոց, հետեւեալ խօսքերը արտասանեց. «Շատեր են անոնք, որոնք երկու տեսակ հարցում կ՛ուղղեն ինծի. առաջին՝ դուն հայկական ծագո՞ւմ ունիս, անոր համար ալ հայերու վերաբերող գիրքեր կը գրես: Երկրորդ՝ չե՞ս վախնար:

«Այսպիսի հարցումներու ես միշտ նոյն պատասխանը կու տամ եւ այժմ ձեզի ալ կ՛ըսեմ. ես թուրք ծնողներու, սիւննի մահմետական ընտանիքի զաւակ եմ։ Որքան ես գիտեմ, իմ գերդաստանիս մէջ ոչ հայու, ոչ ալ քրիստոնեայի հետք կայ: Բայց կրնամ ըսել, որ հայերուն պատահած Մեծ աղէտին մասին, Անատոլուի յոյներու ապրած աղէտին մասին գրելու, ազգերու ցաւը ուսումնասիրելու եւ պատմական ճշմարտութիւնները ի յայտ բերելու համար, բաւական է խիղճ ունենալ։ Ես, նախ եւ առաջ, որպէս մարդ կ՛ուսումնասիրեմ այս թեմաները, ու գիրքեր կը գրեմ, որպէսզի ուրիշներ ալ իմանան: Իմ նախնական, միջնակարգ եւ բարձրագոյն կրթութիւնս Թուրքիոյ մէջ ստացած եմ։ Թրքական ազգային կրթութեան սկզբունքներուն համաձայն գրուած պատմութեան դասագիրքեր կարդացած եմ։ Ոչ միայն ոչ-մահմետական ժողովուրդներու գոյութեան, այլեւ ալեւիներու, ղզըլպաշներու, քիւրտերու գոյութեան մասին նոյնիսկ ոչինչ գիտէինք»:

Քեմալ Եալչըն, շարունակելով իր խօսքը՝ իր գիրքի ծննդոցին մասին ըսաւ. «Ինծի հարց կու տան, թէ ինչպէ՞ս հասայ այս գիրքը գրելու: Դպրոցական կեանքէն, դասերէն դուրս իմ կարդացած գիրքերուն շնորհիւ սկսայ իմանալու ճշմարտութիւններ։ Երբ 1980ին Գերմանիա գտնուեցայ, սկսայ ձերբազատուելու միակողմանի, անճիշդ գաղափարներէ: Եւ այս հարցին մէջ իմ վրայ ամենամեծ ազդեցութիւն ունեցած մարդը Մելինէ անունով թրքերէն լեզուի ուսուցչուհի ընկերուհիս էր: Երբ սկսայ ուսումնասիրելու Մելինէին կեանքը, հասկցայ, որ իր ապրած ցաւը իրականութեան մէջ հայերու ապրած ցաւերուն միայն մէկ մասն էր:

«Երկար ճամբորդութիւնս սկսայ Ամասիայէն, ուր հանդիպեցայ հայուհիներու, որոնք քիւրտերու եւ թուրքերու հետ ամուսնացած էին. քօղարկուած հայ, քօղարկուած քրիստոնեայ էին անոնք»:

Ապա, թուրք գրողը իր իսկ հարցումին պատասխանելով՝ յայտնեց. «Իսկ վախի՞ զգացումիս մասին… Մարդ եմ եւ վախ կը զգամ. բայց այս տարիքիս, կը մերժեմ լռել, չխօսիլ կամ չլսել: Գիտեմ, որ պէտք է գրել այս բոլոր հարցումներուն մասին. եթէ ոչ՝ մեր զաւակները ինչպէ՞ս պիտի իմանան այս ճշմարտութիւններուն մասին: Երկիրս կը սիրեմ, ազգս կը սիրեմ: Այս պատճառով է, որ պէտք է իրականութեան մասին գրեմ»:

«Որպէս թուրք գրագէտ ներողութիւն կը խնդրեմ ձեզմէ. անէ՛ծք անոնց, որոնք ծրագրեցին եւ իրագործեցին այս մեծ աղէտը» ըսաւ Քեմալ Եալչըն: Ան համոզում յայտնեց, թէ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը երկար կարելի չէ շարունակել: Եզրակացնելով ան յայտնեց ըսելով. «Նոյնիսկ եթէ մենք չտեսնենք այդ օրը, վստահ եմ, որ մեր զաւակները պիտի տեսնեն»:

Մօտ մէկ ժամ տեւած իր դասախօսութեան աւարտին, Քեմալ Եալչըն մակագրեց իր գիրքերը:

comments

Advertisement