By Asbarez | Monday, 17 August 2009
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>>.- Անցեալ Շաբաթ օր, Պոլսոյ Մեծ Կղզիի <<Անատոլու>> ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը փոքրամասնութիւններու կրօնապետերու ու հանրային գործիչներու հետ։ (Այս հանդիպումը անշուշտ կը միտի Թուրքիոյ հանդէպ դրական վերաբերմունք յառաջացնել Եւրոպայի հանրային կարծիքին առջեւ, նպաստելու համար Թուրքիոյ Եւրոմիութեան մաս կազմելու ճիգերուն-<<Ասպարէզ>>):
<<Որքան կը յիշենք, առաջին անգամ էր, որ կը կազմակերպուէր այսպիսի շռնդալից ու բովանդակալից հանդիպում մը, այդ ալ՝ Մեծ Կղզիին մէջ. կղզի, որ մասամբ կը խորհրդանշէ փոքրամասնութիւններու կողմէ նախընտրուած ամարանոց՝ Իշխանաց միւս կղզիներուն, մանաւանդ Գնալըի առընթեր։ Յայտնի է որ այսպիսի կազմակերպութեան մէջ կարեւոր իրենց դերն ունէին Կղզիներու քաղաքապետ Մուսթաֆա Ֆարսաքօղլու, Միջազգային յարաբերութիւններու եւ արուեստի ու մշակոյթի գծով քաղաքապետի գլխաւոր խորհրդական Րաֆֆի Արաքս ու փաստաբան Գէզպան Հաթէմիի գլխաւորած կղզիներու <Վագըֆ>ը։ Թերեւս քիչ մը Յունաց պատրիարքը գլխաւոր դէմք դարձաւ այս հանդիպման ընթացքին, տրուած ըլլալով, որ ան պատուոյ սեղանին նստած էր անմիջապէս վարչապետ Էրտողանի ու վարչապետի օգնական Պիւլէնտ Արընչի քով, եւ մամուլի մէջ ալ ընդհանրապէս այս լուսանկարն էր, որ կը հրատարակուէր երէկ. բայց պատուոյ սեղանին վրայ ու հանդիպման գաղափարախօսութեան մէջ իրենց տեղն ունեցան նաեւ միւս փոքրամասնութիւնները։ Փոքրամասնութիւններու մէկ խօսնակը ըլլալ կը թուէր փաստաբան Գէզպան Հաթէմի, որ իրապէս փոքրամասնութիւններու իրաւունքները փոքրամասնութիւններէ՛ ալ աւելի լաւ պաշտպանող գաղափարապաշտ կին մըն է», կը գրէ <<Մարմարա» օրաթերթը։
Թերթը կ՛աւելցնէ, թէ <<Այս հանդիպման կարեւորութիւնը ամէնէն առաջ կը կայանար այն փաստին մէջ, որ վարչապետ Էրտողան մինչեւ Մեծ Կղզի կու գար՝ իրեն հետ բերելով հինգ նախարարներ, որոնք դահլիճին ամէնէն յայտնի ու այս մարզէն ներս ամէնէն գործօն նախարարներն են։ Միայն այս փաստը կը բաւէ, որպէսզի հասկնանք, թէ <<Ա.Գէ.Փէ» կուսակցութիւնը ուզած էր ընդգծել այն կարեւորութիւնը, զոր կու տար փոքրամասնութիւններու հետ նմանօրինակ հանդիպում մը։ Եւ եթէ այս հանդիպման առաջին կարեւոր կէտը քաղաքական շրջանակներու այսքան բարձրամակարդակ ներկայութիւնն էր, վերջին կէտն ալ կրնանք նկատել վարչապետին կողմէ արտասանուած նախադասութիւն մը, որ խոստում ու բարեացակամութեան պատգամ կրնայ նկատուիլ։ Արդարեւ, վարչապետը ըսաւ.
<<Խօսք մը կայ։ Կ՛ըսեն՝ կերանք, խմեցինք, բաժնուեցանք։ Մեր այս հաւաքոյթը այդպէս պիտի չըլլայ։ Պիտի ուտենք, պիտի խմենք, բայց պիտի չբաժնուինք, հարցերը պիտի չմոռնանք։ Ասիկա անցողակի ու ապարդիւն հանդիպում մը պիտի չըլլայ>>։
Վարչապետ Էրտողանի կ՛ընկերակցէին Թուրքիոյ պետական նախարար ու փոխվարչապետ Պիւլէնտ Արընչ, Եւրոմիութեան գլխաւոր բանագնաց Էկէմէն Պաղըշ, կրթական նախարար Նիմէթ Չուպուքճու, պետական նախարար Ֆարուք Չէլիք, մշակոյթի նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ, եւ ասոնց գլխաւորութեամբ մօրաւորապէս 30 պաշտօնավարներ։ Ներկայ էին Իսթանպուլի Մայր Քաղաքապետ Գատիր Թօփպաշ եւ Կղզիներու Քաղաքապետ Մ. Ֆարսաքօղլու, զանազան երկիրներու հիւպատոսներ։ Իսկ փոքրամասնութեան անունով ներկայ էին Յունաց Պարթոլոմէոս պատրիարք, Հայոց պատրիարքարանի ներկայացուցիչ Արամ արք. Աթէշեան, Հրէից խախամապետ Իսաք Հալէվա, ասորիներու առաջնորդ Եուսուֆ Չէթին եւ անոնց ընկերակցող գործիչներ, թիւով 160 հրաւիրեալներ։
Արամ սրբազան Պոլսահայ համայնքէն իրեն ընկերակից ընտրած էր Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն, Գնալըի թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան, Գումգաբուի թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան, Օրթագիւղի թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզ, <<Գարակէօզեան>>ի խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, եւ երեք թերթերու ներկայացուցիչները։ Յատկապէս հրաւիրուած էր Թուրքիոյ մէջ Հայաստանի Սեւ Ծովեան ներկայացուցիչ Կարէն Միրզոյեանը։
Հաւաքոյթին բացումը կատարեց Գէզպան Հաթէմի, որ Յունաց պատրիարքարանի փաստաբանն է: Անոր գլխաւորութեամբ քաղաքապետարանի կողմէ պատրաստուած էր փոքրամասնութիւններու եւ կղզեցիներու ակնկալութիւններու մասին թղթածրար մը՝ 88 յօդուածներով, զոր վերջաւորութեան յանձնեց վարչապետին։ Թղթածրարին մէջ յատուկ տեղ տրուած էին կղզիներու առնչութեամբ տեղացի ժողովուրդին ակնկալութիւններուն ու գանգատներուն:
Վարչապետը, ինչպէս արդէն կը սպասուէր, տուած է <<շատ տաքուկ պատգամներ>>:
Վարչապետը դիտել տուած է, որ <<Այս երկրին մէջ փոքրամասնութիւններն ալ խօսքի իրաւունք ունին եւ բոլորը հաւասար են իրարու, թուրք, քիւրտ, մահմետական կամ քրիստոնեայ։ Հարցերը լուծելու ու մեր ժողովուրդին ծառայելու մեր առաքելութեան մէջ, մեր գլխաւոր չափանիշն է ժողովրդավարութիւն ու Սահմանադրական իրաւունքներու կողքին մարդավայել մերձեցում>>, ըսած է ան։
<<Մարմարա>> նաեւ կը գրէ. <<Վարչապետ Էրտողան մասնաւորաբար հայ ներկայացուցիչներուն մեծ հաճոյք պատճառեց՝ ըսելով, որ իր երիտասարդութեան շրջանին, երբ ֆութպոլ կը խաղար, ունէր բազմաթիւ հայ խաղընկերներ, որոնց մթնոլորտին շատ վարժուած էր. <<Անոնց հետ շատ գեղեցիկ օրեր ապրած եմ։ Ասիկա կ՛ըսեմ ոչ թէ ասկէ հպարտութեան բաժին հանելու համար ինծի, այլ կ՛ըսեմ, որպէսզի ամէն մարդ գիտնայ, թէ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ մեր զգայնութիւնը միշտ վառ պիտի մնայ>>, ըսաւ վարչապետը>>:
Ճաշը բաւական երկար տեւած է ու ներկաները առիթներ ունեցած են խօսակցութիւններ ունենալու տարբեր պաշտօնատարներու հետ:
<<Արամ սրբազան առիթէն օգտուելով՝ խօսեցաւ կրթական նախարար Նիմէթ Չուպուքճուի հետ ու դիտել տուաւ, որ հայկական վարժարանները դասագիրքի խնդիրներ ունին։ Նախարարը յատուկ ժամադրութիւն տուաւ այս նիւթը քննարկելու համար>>, կ՛եզրափակէ <<Մարմարա>>։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan