Զուիցերիոյ Հայկական Համայնքը Կ՛ըմբոստանայ Մայր Աթոռի Կարգադրութիւններուն Դէմ

By Asbarez | Monday, 18 April 2011

ԺԸՆԵՒ.- Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինը հաստատած է այն տեղեկութիւնը, ըստ որուն, Զուիցերիոյ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ խորհուրդը անցեալ Կիրակի օր փակած է եկեղեցիին դռները, որպէսզի խանգարէ Արեւմտեան Ամերիկայի Էջմիածնական թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի կողմէ՝ Գարեգին Բ.ի հրամանով Զուիցերիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ նշանակուած Մեսրոպ վարդապետ Պարսամեանի ներկայացումը համայնքին:

«Տարբեր լրատուամիջոցներով տարածուել էր Ժընեւի Եկեղեցական վարչութեան կողմից այն տեղեկութիւնը, որ վարչութիւնը որոշում է կայացրել փակել եկեղեցին, եւ եկեղեցին փակուել էր Կիրակի օրը, երբ որ Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Ամենայն հայոց հայրապետի կողմից նշանակուած առաջնորդական տեղապահ տէր Մեսրոպ վարդապետ Պարսամեանը պէտք է ներկայացուէր Ժընեւի հայ համայնքին:

«Անշուշտ, այդ իրողութիւնը ցաւալի էր, սակայն Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պիտի համբերութեամբ առաջ գնայ, որպէսզի խնդիրը բարւոք լուծում ստանայ», «Թեր»չի թղթակիցին հետ խօսելով՝ յայտնած է Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգի ղեկավար Վահրամ քհնյ. Մելիքեան:

Քահանայ հայրը նշած է, որ Մայր աթոռը կը փորձէ խաղաղ ճանապարհով կարգաւորել յառաջացած խնդիրը: «Ինչ վերաբերում է առաջնորդական տեղապահին, ապա նա առաջիկայ օրերին կը ներկայացուի նաեւ այլ համայնքների եւ կը շարունակի իր ծառայութիւնը Շուէյցարիայի հայոց թեմում՝ հայ համայնքի հոգեւոր կարիքների բաւարարման համար», նշած է տէր Վահրամ:

Անցեալ օրերուն, Զուիցերիոյ հայ համայնքը հրապարակային յայտարարութիւններով իր ընդդիմութիւնը յայտնած էր իր ներկայի հովիւին՝ Աբէլ քհնյ. Մանուկեանի, փոփոխութեան ու Զուիցերիոյ մէջ առանձին թեմ հիմնելու Էջմիածինի որոշումին համար, առարկելով, որ ան ի վիճակի պիտի չըլլար դիմագրաւելու առաջնորդ մը ունենալու նիւթական պարտաւորութիւնները։

Ժընեւի Եկեղեցական վարչութիւնը իր որոշումը կը պատճառաբանէ նաեւ անով, որ Մայր աթոռը կը փափաքի համայնքին ու ծուխին գումարներուն տիրանալ, իսկ Կիրակի օր եկեղեցւոյ դռները փակ պահելու եղելութիւնը կը բացատրէ անով, որ վարչութիւնը չէ ուզած աւելորդ ձգտեալ վիճակ ստեղծել համայնքէն ներս։

Մայր Աթոռն ալ իր կարգին, կը հերքէ «գումարներուն տիրանալու» մասին լուրերը եւ կը նշէ, թէ հանգանակութիւնները կամ բարեգործութիւնը կը կատարուի անհատական կարգով, իսկ Զուիցերիոյ նոր հոգեւոր հովիւ եւ առաջնորդական տեղապահ նշանակելու որոշումին նպատակն է՝ կազմակերպել Զուիցերիոյ հայ համայնքի հոգեւոր կեանքը։

«Մարմարա» թերթը այս մասին անդրադառնալով՝ կը գրէ, թէ 1990ականներուն Զուիցերիոյ թեմը ստեղծելու համար, Ժընեւի Հայոց եկեղեցական վարչութիւնը դիմած էր Վազգէն Ա. կաթողիկոսին, որպէսզի համապատասխան կոնդակով մը Զուիցերիոյ հայկական գաղութը թեմի վերածէ։ 1992ին, Վազգէն Ա. կաթողիկոսի կոնդակով թեմը հիմնուած է։ Բայց Ժընեւի Եկեղեցական վարչութեան ղեկավարութեան փոփոխութենէն ետք, Վազգէն Ա.ի տնօրինութիւնները մերժուած են, իսկ Գարեգին Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան օրով, առանց համաձայնութիւն գոյացնելու կաթողիկոսին հետ, Ժընեւի վարչութիւնը ծառայութեան հրաւիրած է Աբէլ քհնյ. Մանուկեանը։ Գարեգին Ա. կաթողիկոսը օրին դատապարտած էր այս ապօրէն քայլը եւ արգիլած քահանային հետագայ ծառայութիւնը Զուիցերիոյ մէջ։ Բայց Գարեգին Ա.ի որոշումը եւս մերժուած էր։

Վերջերս, արդէն Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հայրապետական որոշումով, Զուիցերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ եւ Ժընեւի հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ Մեսրոպ վրդ. Պարսամեան։ Կարգ մը տեղեկութիւններու համաձայն, Աբէլ քհնյ. Մանուկեանն է, որ Էջմիածինի պատուիրակութեան ու անոնց հետ միասին պատարագի գացած հաւատացեալներուն առջեւ փակած է եկեղեցւոյ դռները։ Սակայն Գարեգին Բ.ի յղուած ու մամուլով հրապարակուած նամակէ մը կ՛իմանանք, թէ բողոքի սոյն տրամադրութիւնները կը բաժնեն նաեւ Զուիցերիոյ մէջ գործող շարք մը կազմակերպութիւններ, որոնց շարքին են՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հիմնարկութիւնը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Զուիցերիոյ մասնաճիւղը:

Յիշեցնենք, որ Ժընեւի մէջ 2000 հայ կ՛ապրի եւ ըստ «Մարմարա»ի, անոնց մէկ մասն է միայն, որ դէմ արտայայտուած է Մայր աթոռի որոշումին, սակայն այս դիրքորոշումը կը ներկայացուի՝ իբրեւ ամբողջ զուիցերիահայութեան կարծիքը։ Յայտնի է, որ Զուիցերիոյ այլ քաղաքներու մէջ ապրող հայեր ժխտական դիրքորոշում չունին Մայր աթոռէն ժամանած պատուիրակին նկատմամբ։

«Կայացուած որոշումներին դէմ է Ժընեւի Եկեղեցական վարչութիւնը, հետեւաբար Մայր աթոռը իր պատուիրակների միջոցով, խաղաղ ճանապարհներով ու բանակցութիւնների միջոցով փորձում է խնդիրը լուծել: Ունենք նաեւ խոհեմութեան ակնկալիք: Խնդիրը Ժընեւի Եկեղեցական վարչութեան հետ է, այլ ոչ թէ՝ շուեյցարահայութեան», յայտնած է տէր Վահրամ:

comments