Արմէն Սարգսեան՝ Միացեալ Թագաւորութեան Մէջ Հայաստանի Դեսպան

By Asbarez | Friday, 27 September 2013

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի նախագահի հրամանագիրով Արմէն Սարգսեան նշանակուած է Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպան (նստավայրը` Լոնտոն):

Սարգսեան նախապէս վարած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը: Ան նաեւ իբրեւ դեսպան նախապէս  երկու անգամ Հայաստ?նը ներկայացուցած է Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, նախ 1992-96, ապա՝ 1998-2000: 1996-97 վարած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը: Ան ֆիզիքամաթեմաթիքական գիտութիւններու թեկնածու է:

Դեսպանութեան պաշտօնէն հեռանալէն ետք Սարգիսեան շարունակած է ապրիլ Լոնտոն աշխատանքի լծուելով տնտեսական ոլորտի մէջ, ուր գտած է մեծ յաջողութիւն: Ձեռնարկած է նաեւ բարեսիրական աշխատանքներ գլխաւորաբար Հայաստանի մէջ:

comments

Advertisement