By Asbarez | Monday, 18 April 2011
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13 թուակիր նամակով մը, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆ կոչ ըրած է նախագահ Պարաք Օպամային, որ այս տարի Հայկական Ցեղասպանութեան տարելիցին կապակցութեամբ իր յայտարարութեան մէջ յստակօրէն ճանչնայ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Նախորդ Քոնկրեսին ներկայացուցած՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 252 բանաձեւին հեղինակը, իր նամակին մէջ կը նշէ, թէ Ցեղասպանութեան 96րդ տարելիցի սեմին հարկաւոր է ճշգրտօրէն բնուդագրել 1.5 միլիոն հայերու սպանդը՝ յիշեցնելով նախագահին, թէ աւելի քան 20 երկիրներ, ներառեալ Գանատան, Իտալիան, Շուէտը, Ֆրանսան, Արժանթինն ու Ռուսիան, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Խորհրդարանը արդէն իսկ պաշտօնապէս հաստատած են պատմական այս իրողութիւնը:
Շիֆ նաեւ ցաւով կը յայտնէ, թէ նախագահ Օպամա վերջին երկու տարիներուն, Ապրիլ 24ի սեմին կատարած իր յայտարարութեանց մէջ «ցեղասպանութիւն» բառը չէ օգտագործած, հակառակ այն իրողութեան, որ նախագահը մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան ջատագով մըն է: «Կը խնդրեմ, որ նախընտրական շրջանին, 2008ի յստակութեան վերադառնաս ու հաստատելով Ցեղասպանութիւնը՝ նեցուկ կանգնիս փոքրաթիւ վերապրողներուն եւ զոհերու շարաւիղներուն, որոնք կը շարունակեն Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման «կրկնակի սպանութեան» հետեւանքները կրել», կ՛աւելցնէ քոնկրեսականը:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan