* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

Գաղտնի Սպասարկութիւնը Կը Կանգնի Տինքի Սպանութեան Ետին

Thursday, 20 August 2009     |    |   

Source: Asbarez
Tags: dink, turkey

Թրքական <<Թուտէյզ Զաման>> օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ըստ թուրք ազգայնամոլներու <<Էրկէնէքոն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան առնչուող երրորդ ամբաստանութեան թղթածրարին մէջ ներառուած փաստաթուղթին, Պոլսոյ <<Ակօս>> օրաթերթի խմբա-գրապետ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը գործն էր ոստիկանութեան գաղտնի սպասարկութեան, հակառակ անոր պաշտօնատարներու հերքումներուն։

Ըստ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ եւ նախկին երեսփոխան Թուրհան Չէօմեզի համակարգիչէն գրաւուած փաստաթուղթին, Եուսուֆ Զիատ կոչուած անձ մը, որ կ՛ըսուի, թէ հիւսիսային Իրաքի մէջ բնակող քիւրտ մըն է, հանգստեան կոչուած զօրավար Վէլի Քիւչիւք, որ <<Էրկէնէքոն>>ի հարցով ձերբակալուած է եւ ոստիկանութեան գաղտնի սպասարկութիւնը կը կանգնին Տինքի սպանութեան ետին։

Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կ՛ըսուի, որ Քիւչիւք եւ հանգստեան կոչուած այլ զօրավար մը՝ Հ.Ք., կը կանգին հիւսիսային Իրաքի մէջ շարք մը անլոյծ ոճիրներու եւ ահաբեկչական արարքներու ետին։ Փաստաթուղթին 13րդ էջին վրայ <<այս միաւորները ղեկավարողները>> խորագիրին տակ Չէօմեզի կողքին կը գտնուին հետեւեալ անունները՝ հանգստեան կոչուած զօրավար Հուրշիթ Թոլոն, ազգային ոստիկանութեան յատուկ գործողութիւններու բաժինի նախկին փոխնախագահ Իպրահիմ Շահին, հանգստեան կոչուած զօրավար Շէնէր Էրույղուր, հանգստեան կոչուած գնդապետ Մուզաֆար Թէքին, փաստաբան Քէմալ Քէրինչսըզ, Աշխատաւորական կուսակցութեան նախագահ Տողու Փէրինչէք եւ ուրիշներ։
Ամբաստանագիրին մէջ նշուած է ներկայիս <<Էրկէնէքոն>>ի հարցով ձերբակալուած օգնական դասախօս Էմին Կիւրսէսի եւ զօր. Մուսթաֆա Տէօնմէզի միջեւ զրոյց մը, ուր Տինքի սպանութեան մասին տեղեկութիւններ կը փոխանցուին։

Տէօնմեզի հետ Կիւրսէսի հեռաձայնային զրոյցի արձանագրութեան մէջ, այս վերջինը իր զրուցակիցին կ՛ըսէ, թէ <<Հրանդ Տինքի սպանութիւնը այդ մարդոց լաւ ձեւի զգուշացում մը եղաւ>>։

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement