Արժանթինի Ծերակոյտը Բանաձեւ Մը Վաւերացուց Ցեղասպանութեան Մասին

By Asbarez | Monday, 25 April 2011

ՊՈՒԵՆՈՍ ԱՅՐԵՍ, Արժանթին.- Պուենոս Այրեսի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13ին, Արժանթինի Ծերակոյտը վաւերացուցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը հաստատող բանաձեւ մը, ուր կը շեշտուի, թէ մարդկութեան պատմութեան այդ սեւ էջին ոգեկոչումը պէտք է նաեւ ժողովուրդներու միջեւ յարգանք սերմանելու աշխատանքներուն մղիչ ուժ մը ըլլայ:

Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի, թէ 1915էն 1923ի միջեւ տեղի ունեցած հայերու Ցեղասպանութիւնը պէտք չէ մոռցուի, եւ անոր պատմութիւնը պէտք է սորվին նոր սերունդները, որպէսզի՝ «մարդկային իրաւանց նման լուրջ ոտնակոխումներ չկրկնուին»:

Պուենոս Այրեսի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար դոկտ. Ալֆոնս Թապաքեանը ողջունեց Արժանթինի Ծերակոյտին սոյն որոշումը:

comments

Advertisement