By Մարմարա | Monday, 25 April 2011
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու Պոլսոյ մասնաճիւղի ցեղապաշտութեան ու խտրականութեան դէմ պայքարի յանձնախումբը կոչ ըրաւ իր համակիրներուն ու զանոնք հրաւիրեց բողոքի այն հաւաքին, որ Ցեղասպանութեան զոհերուն ի յիշատակ պիտի կայանայ Ապրիլ 24ին, ժամը 2ին, Սուլթանահմետի մէջ, Իսլամ գործերու թանգարանի շէնքին առջեւ։
Այս առթիւ հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ, կազմակերպիչները դիտել կու տան, թէ Ապրիլ 24, 1915ին, իթթիհատական իշխանութիւններու որոշումով, Պոլսոյ հայ համայնքէն քաղաքագէտներ, արուեստագէտներ, գիտնականներ եւ մտաւորական մարդիկ իրենց տուներէն հաւաքուեցան ու աքսորի ճամբուն վրայ դրուեցան, որովհետեւ իշխանութիւնները որոշած էին կարճ ժամանակի մէջ ամբողջովին բնաջնջել հազարաւոր տարիներէ ի վեր Անատոլուի զանազան կողմերը բնակող հայ բնակչութիւնը, եւ որպէսզի այդ որոշումը գործադրուի նուազագոյն անպատեհութիւններով, պայման նկատուած էր, որ Պոլիսէն չէզոքացուէին մտաւորական մարդիկը, որոնք ապագային կրնային ձայն բարձրացնել եղածներուն դէմ։ «Այս պատճառաւ է, որ Ապրիլ 24ը Հայկական Ցեղասպանութեան առաջին քայլը կը նկատուի», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
«Բայց Ապրիլ 24ը միայն հայկական կամ ասորիներու ցեղասպանութեան խորհրդանիշը չէ. ասիկա խորհրդանշանն է նաեւ այն փաստին, թէ երկրի մը պատմութիւնը կրնայ վերստին գրի առնուիլ սուտերով ու ուրացումներով, ամբողջովին մէջտեղէն կը վերցուի մշակութային հարուստ ժառանգութեան մը մէկ մասը։
«Մարդիկ առանց գիտնալու կ՛անցնին այնպիսի շէնքերու առջեւէն, որոնք ատենօք յանցագործութեան վայրեր եղած են։ Ասոնցմէ մէկն ալ Մեհտէրհանէ կոչուած շէնքն է, այսինքն՝ Իպրահիմ փաշայի պալատը, որ ներկայիս կը գործածուի որպէս Իսլամ գործերու թանգարան եւ որ Ապրիլ 24ի գիշերը դարձաւ այն կեդրոնական բանտը, ուր դրուեցան Պոլսոյ զանազան թաղերէն հաւաքուած հայ մտաւորականները եւ ուրկէ անոնք ճամբայ հանուեցան դէպի աքսոր», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan