* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

Ցեղասպանութիւնը Կ՛ոգեկոչուի Իտալիոյ Խորհրդարանին Մէջ

Monday, 25 April 2011     |    |   

Source: Այսօր
Tags: italy, armenian genocide



ՀՌՈՄ, «Այսօր».- Հայոց Ցեղասպանութեան 96ամեակին կապակցութեամբ, Ապրիլ 19ին Իտալիոյ խորհրդարանի Պատգամաւորներու տան «Refettorio» պատմական դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է

շնորհահանդէսը, 1913-1916 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մօտ ԱՄՆ դեսպան Հենրի Մորկընթաուի «Օրագիրը» գիրքին, որ առաջին անգամ ըլլալով թարգմանուած ու հրատարակուած է իտալերէնով:

Ձեռնարկին ելոյթներ ունեցած են Իտալիա-Հայաստան խորհրդարանական խումբի նախագահ պատգամաւոր Սանտրա Ցամփան, Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Կարապետեան, Սիենայի համալսարանի փրոֆ. եւ Սիենայի քաղաքապետարանի մշակոյթի պատասխանատու Մարչելլօ Ֆլորես եւ այլք:

Ձեռնարկը բացած է Սանտրա Ցամբան, որ ըսած է. «Ասիկա առաջին ձեռնարկն է, որ կը կազմակերպուի Իտալիոյ խորհրդարանին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով, եւ կարեւոր քայլ կը հանդիսանայ Իտալիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ»:

Ան նաեւ նշած է, որ պատրաստած է օրէնքի նախագիծ մը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, որ շուտով պիտի ներկայացուի Իտալիոյ խորհրդարանի Պատգամաւորներու տան անդամներուն:

Դեսպան Կարապետեան, իր ելոյթին մէջ յատկապէս շեշտած է այն հանգամանքը, որ «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը կարեւորագոյն խնդիր է ոչ միայն Հայաստանի համար, այլեւ՝ Թուրքիոյ: Վերջինս չկարենալով հաշտուիլ իր սեփական պատմութեան հետ՝ կը մերժէ զայն եւ ամէն գնով կը փորձէ զայն խեղաթիւրել»:

Դեսպանին խօսքերով, «Մերժելով դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելը Հայաստանի հետ, շարունակելով միակողմանիօրէն փակ պահել Հայաստանի հետ սահմանը, նոյնիսկ Հայաստանի հետ համապատասխան արձանագրութիւններ ստորագրելէ ետք հրաժարելով զանոնք վաւերացնելէ եւ անթաքոյց աջակցութիւն ցուցաբերելով Ատրպէյճանին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին գծով՝ Թուրքիան դրական ազդեցութիւն չի ձգեր Հարաւային Կովկասի կայունութեան եւ խաղաղութեան վրայ»:

Բոլոր ելոյթ ունեցողները համապարփակ կերպով ներկայացուցած են հայ ազգաբնակչութեան ոչնչացման հրէշաւոր ծրագիրի ամբողջական պատկերը ու այդ յանցագործութեան բոլոր փուլերը, ինչպէս նաեւ ընդգծած են, թէ «Ցեղասպանութեան ժխտումը երկակի Ցեղասպանութիւն է, աւելի ճիշդ՝ Ցեղասպանութեան շարունակութիւն է: Այդ իսկ պատճառով, այսօր առաւել քան կենսական է կրկին եւ կրկին հնչեցնել ճշմարտութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, որպէսզի օգնենք թուրք յառաջադէմ հասարակութեան, որ ստիպէ սեփական իշխանութիւններուն աստիճանաբար վերացնել երկրին մէջ այդ հարցին շուրջ առկայ թապուները, առերես գալ սեփական պատմութեան հետ եւ իբրեւ արդիւնք՝ ճանչնալ կատարած յանցագործութիւնը հայերուն նկատմամբ»:

Ձեռնարկին ներկայ եղած են Իտալիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներ, իտալական կառավարական ու գիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներ, երկրին մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններ ու դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ մէջ հայ համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ:

Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ վարչութեան տուեալներով, Ապրիլ 20ին, Իտալիա-Հայաստան խորհրդարական խումբի նախագահ Ս. Ցամփան ու փոխնախագահ Ա. Աշիւտին, Իտալիոյ խորհրդարանի Պատգամաւորներու տան եւ Ծերակոյտին միաժամանակ անդրադարձած են Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին, եւ առաջարկած են «Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր յայտարարել Իտալիոյ մէջ»:

Այդ հարցին վերաբերեալ տեղի ունեցած են թէ՛ ընդդիմադիր եւ թէ իշխող կուսակցութեան պատգամաւորներու ու ծերակոյտներու ելոյթներ, որոնք յատկապէս դրական արձագանգած են նախաձեռնութեան: Նկատի ունենալով Իտալիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ երկկողմանի համագործակցութեան բարձր մակարդակը՝ պատգամաւորները շեշտած են, թէ «Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը մարդու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան հարց է: Անիկա ուղղուած չէ Թուրքիոյ դէմ, այլ, հակառակը, պիտի օգնէ Հայ-թրքական երկխօսութեան ու երկու ժողովուրդներու միջեւ վստահութեան վերականգման»:

Սոյն նիստի նախագահ, Ծերակոյտի փոխնախագահը, իր կարգին նշած է, թէ «Լռութիւնը այդ հարցին մէջ անթոյլատրելի է եւ հայերուն հետ տեղի ունեցած ողբերգութեան յիշատակումը կարեւոր է՝ այդ մէկը ապագային չկրկնուելու եւ մարդու իրաւունքներու խախտում չարտօնելու համար»:

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement