Հայ Դատը Հարցականի Տակ Կ՛առնէ Պրայզայի Կողմնակալութիւնը

By Asbarez | Friday, 21 August 2009

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քէն Խաչիկեան Հինգշաբթի, Օգոստոս 20 թուակիր նամակ մը յղած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին, անոր փոխանցելով ամերիկահայութեան մտահոգութիւնները ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզայի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով վերջերս կատարուած կողմնակալ յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ:

Չորս էջնոց նամակին մէջ մանրամասնութեամբ նշուած են ամերիկահայութեան մտահոգութեանց դրդապատճառները, որոնց շարքին են Պրայզայի «անարդար, սխալ ու վնասակար» յայտարարութիւնները:

Խաչիկեան նաեւ կը շեշտէ, թէ Պրայզայի այս յայտարարութիւնները հետեւանք են ամերիկահայութեան տրուած շարք մը խոստումներ արդէն իսկ խախտած ամերիկեան կառավարութեան այն կեցուածքին, որ կարծես կը միտի հայկական հարցերով բոլոր որոշումները վստահիլ Թուրքիոյ կառավարութեան:

<<Այսօր, Օպամա-Պայտըն վարչախումբի գործունէութեան եօթներորդ ամսուան աւարտին, լրջօրէն մտահոգ ենք այն բանով, որ կառավարութիւնը հայկական հարցերով արտաքին քաղաքականութիւնը որոշած է դնել Թուրքիոյ հանրապետութեան հակակշռին տակ, որովհետեւ ցարդ Ուաշինկթընի կողմէ տրուած բոլոր որոշումները կը համապատասխանեն Թուրքիոյ կողմէ պարտադրուող քաղաքականութեան, ինչ որ խոտոր կը համեմատի Ձեր, նախագահ Օպամայի եւ փոխնախագահ Պայտընի կողմէ տարուած նախագահական ընտրապայքարներուն ընթացքին հռչակուած բարոյական ու ժողովրդավարական ընդունելի սկզբունքներուն>>:

comments

Advertisement