By Asbarez | Tuesday, 10 May 2011
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Կիրակի, Մայիս 1ի յետմիջօրէին, հազարաւորներ հաւաքուեցան Նիւ Եորքի «Թայմզ» հրապարակին վրայ՝ ոգեկոչելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 96ամեակը:
Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ արտայայտող պատգամը ունեցող սոյն հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին երկրի ամէնէն յարգուած այն քաղաքան դէմքերը, որոնք շարունակաբար եւ անխոնջ կերպով պայքարած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ աշխարհի տարածքին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը «աշխարհի պատմութեան ամէնէն ահաւոր ցեղասպանութիւններէն մէկը» համարող ծերակուտական Չաք Շումըր յայտնեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ հրեաներու Ողջակիզումը սերտօրէն կապուած են իրարու, եւ եթէ աշխարհը կասեցուցած ըլլար Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ապա Ողջակիզումը կրնար տեղի չունենալ:
«Մենք այստեղ ենք վեհ պարտականութեամբ մը՝ պահպանել ճշմարտութիւնը», ըսաւ Չ. Շումըր, որ խոստացաւ շարունակել իր պայքարը Ծերակոյտէն ներս, որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հաստատուի:
Խօսք առաւ նաեւ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարող ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզ, որ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը յոյժ կարեւոր համարեց. «Մեր պարտաւորութիւնն է, իբրեւ աշխարհի քաղաքացիներ, զայն յեշել ամէն օր… ըլլայ անիկա 96 տարի թէ 196 տարի, պէտք է ուխտենք երբեք չմոռնալ եւ թոյլ չտալ, որ անիկա կրկնուի», յայտնեց ան:
Այնտեղ ներկայ էին նաեւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը հետապնդող այլ ծերակուտականներ, քոնկրեսականներ եւ հայ համայնքի տարբեր շրջանակներու ներկայացուցիչներ:
Նշենք, որ սոյն հաւաքը կազմակերպուած էր Վարդանի ասպետներու եւ դուստրերու կողմէ՝ գործակցութեամբ Հայ Դատի յանձնախումբին, ՀԲԸՄի եւ այլ հայկական կազմակերպութիւններու:
Սոյն ձեռնարկին իրենց ներկայութեամբ զօրակցեցան հայկական բոլոր կրօնական առաջնորդները:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan