Արթուր Աբրահամ Կը Հանդիպի Բարերար Քըրք Քըրքորեանի Հետ

By Asbarez | Tuesday, 10 May 2011


ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Բռնցքամարտիկ, աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ, Կիրակի, 8 Մայիսին, Լաս Վեկասի մէջ «Շօթայմ» հեռատեսիլի ընկերութեան հրաւէրով, ներկայ եղաւ Մաննի Փասքուայի եւ Շէյն Մոսլիի մրցամարտին:

Հայ բռցքամարտիկը, որ նաեւ այս առթիւ տեսնուեցաւ իր մրցակից Անտրէ Ուորտի հետ, Լաս Վեկասի մէջ հանդիպեցաւ ազգային բարերար Քըրք Քըրքորեանի, որուն անձամբ հրաւիրեց ներկայ գտնուելու իր եւ Ուորտի միջեւ յառաջիկայ մրցամարտին:

Աբրահամ-Ուորտ մրցամարտը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ երեկոյեան, ժամը 5ին, Քարսըն քաղաքին մէջ:

Կը քաջալերենք մեր հայրենակիցները խուռներամ ներկայ գտնուելու այս մրցամարտին ու քաջալերելու մեր ազգակիցը:

comments