By Asbarez | Tuesday, 05 November 2013
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Ժընեւի քաղաքապետարանը վճռականօրէն տրամադրուած է Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձանի կառուցման հարցին նկատմամբ. այս մասին գրած է թրքական «ԹայմԹիւրք» լրատուական կայքը:
Յուշարձանի կառուցման մասին որոշումը տրուած էր 2011ին, իսկ անոր հեղինակն է Մելիք Օհանեան: Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուր տեղական մամուլին տուած հարցազրոյցի մը մէջ յայտարարած է, որ պէտք չէ դիտել յուշարձանը՝ որպէս երկրի մը դատապարտում: Ըստ Ազնաւուրի՝ յուշարձանը նուիրուած պիտի ըլլայ Ցեղասպանութենէն տուժած բոլոր ժողովուրդներուն:
«Նախագիծին վերահսկող Ժընեւի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչ Սամի Քանահան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշած է, որ յուշարձանին վրայ պիտի չըլլայ «ցեղասպանութիւն» բառը, սակայն այս յայտարարութիւններէն ետք հասկնալի կը դառնայ, թէ այս բոլորով մտահոգ է Թուրքիան», գրած է «ԹայմԹիւրք»:
Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղարը յայտնած է թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութեան, թէ նախարարութիւնը ի զօրու չէ կանխելու Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձանի կանգնեցումը: «Գիտենք, թէ որքա՛ն ցաւօտ հարց է այս մէկը Թուրքիոյ համար: Կապի մէջ մնալով երկու կողմերուն հետ՝ մենք կ՛աշխատինք Հայաստանի ու Թուրքիոյ յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ», ըսած է ան:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan