* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

Փալոն Արցախին Ճանաչում Շնորհելու Կոչ Կ՛ընէ Ուաշինկթընի

Monday, 24 August 2009     |    |   

Source: Asbarez
Tags: azerbaijan, nkr, nagorno karabakh, pallone, anca, usa, armenia, turkey

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- <<Արմինեըն Ռիփորթըր>>ի Էմիլ Սանամայեանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Քոնկրէսի մէջ հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահ Ֆրէնք Փալոն յայտնած է, թէ իր կարելին պիտի ընէ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան պաշտօնական ճանաչումը ապահովելու համար եւ աւելցուցած է, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պէտք է ճանաչում շնորհէ Արցախի իշխանութեանց:

<<Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է իր դիրքորոշումը փոխէ այս հարցով>>, ըսած է Նիւ Ճըրզիէն դեմոկրատ քոնկրէսականը, պնդելով, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը անկախ երկիր մը ըլլալու իրաւունք ունի:
Ակնարկելով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի խորհրդականներէն Մէթիու Պրայզայի կողմէ վերջերս կատարուած Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ կեցուածքներուն ի նպաստ յայտարարութիւններուն՝ Փալոն յայտնած է, թէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը սխալ ընթացքի մէջ կը գտնուի:

<<Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է գիտակցի, թէ խորհրդային իրաւական համակարգով, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը հանրաքուէ կազմակերպելու եւ ինքնզինք անկախ պետութիւն հռչակելու իրաւասութիւնը ունէր>>, կը յայտնէ Փալոն՝ աւելցնելով, թէ ինչպէս Հայաստանն ու Ռուսիան, նոյնպէս Լեռնային Ղարաբաղը Խորհրդային միութեան ժառանգորդ պետութիւն կը նկատուի: Սակայն, ան միաժամանակ ընդունած է, թէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը դժուար պիտի ըլլայ, որովհետեւ Քոնկրէսի անդամներուն մեծ մասը հարցին ծալքերուն մօտէն ծանօթ չէ եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի պայքարի նման փորձերու դէմ, եւ թէ՝ <<վստահ չեմ, թէ Հայաստան որքանո՛վ առաջ պիտի մղէ այս հարցը>>:

Փալոն նաեւ ազդարարած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պէտք է արագօրէն լուծուի՝ նոր պատերազմի մը առաջքը առնելու համար:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան ողջունեց Փալոնի այս յայտարարութիւնները, որոնք աւելի կարեւոր կը դառնան այս օրերուն, երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը փորձէ հայութեան պարտադրել մատիրտեան սկզբունքները, որոնց որդեգրումը պիտի տկարացնէ Կովկասի մէջ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի դիրքը:

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement