Հալէպի Մէջ Դարձեալ Հայ Մը Զոհուած Է

By Asbarez | Thursday, 14 November 2013

Հին Հալէպի շրջանը՝ Ղասըր Ուալի ճաշարանի թաղը

ՀԱԼԷՊ, «Բերիոյ Նիուզ».– 14 Նոյեմբեր 2013ին, կէսօրուան ժամը 12:10ին Հալէպի կեդրոնը, Մունշիէի շրջանի պետական փուռին մօտ հրթիռ մը ինկաւ:

Հրթիռի պայթումին պատճառով արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ. զոհերու կարգին է հայ վարորդ մը՝ 1966ի ծնունդ Գէորգ Պօղոսեանը։

Միւս կողմէ, օրերէ ի վեր գոյութիւն ունեցող ջուրի լուրջ խնդիրը լուծուած է: Ջրամատակարարումը արդէն երկու օրէ ի վեր բնականոն վիճակին վերադարձած է։
Հալէպի մէջ առկայ ելեկտրականութեան լուրջ տագնապին առնչութեամբ նշենք, որ կառավարութիւնը իր կարելին կ՛ընէ՝ կացութիւնը բնականոն վիճակին վերադարձնելու համար։ Արդէն տարուած աշխատանքները արդիւնք կու տան, թէեւ ելեկտրականութեան հոսանքը ամբողջութեամբ չէ միացած, սակայն երկու օրէ ի վեր վիճակը աւելի լաւ է։

comments