By armenia.com.au | Wednesday, 20 November 2013
Նոյեմբեր 16-17ին, Քանատայի Մոնթրէալ քաղաքին մէջ կայացաւ Ամերիկեան ցամաքամասի եւ Աւստրալիոյ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը:
Խորհրդաժողովին մասնակցեցան Քանատայի, Արեւմտեան Ամերիկայի, Արեւելեան Ամերիկայի եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի պատուիրակութիւնը: Երկօրեայ խորհրդաժողովին ընթացքին քննարկուեցան համաշխարհային ներկայ քաղաքական իրավիճակը եւ Հայ Դատի ներկայ հանգրուանի մարտահրաւէրները:
Խորհրդաժողովը լսեց ժողովին մասնակից շրջաններու աշխատանքային զեկոյցները եւ քննարկման բովէն անցուց ամերիկեան ցամաքամասի եւ Ովկիանիոյ ցամաքամասի տարածքին Հայ Դատի աշխատանքներու ներկայ աշխատանքային գործընթացն ու մարտահրաւէրները:
Խորհրդաժողովը անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման խնդիրներուն, Եղեռնի 100ամեակին, Արցախի անկախութեան ճանաչման եւ æաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով կատարուելիք աշխատանքներուն: Յատուկ շեշտադրութեամբ քննարկուեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Աւստրալիոյ հայահոծ գաղութներու նորահաս սերունդի յաւելեալ քաղաքականացման հարցը:
Խորհրդաժողովը շեշտեց Ամերիկեան ցամաքամասի եւ Աւստրալիոյ մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու՝ Սուրիոյ հայութեան աջակցութեան ուղղութեամբ աշխատանքները հետեւողականօրէն շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:
Մանրամասները՝ տեսանյութում
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan