ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի Հանդիպումը՝ Հայ Դատի Բարեկամներու Եւ Համակիրներու Հետ

By Asbarez | Thursday, 21 November 2013

 

ԹԵՀՐԱՆ.- «Ալիք»ի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 19ի երեկոյեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան հանդիպեցաւ Հայ Դատի բարեկամներու եւ համակիրներու հետ: Հանդիպում. որուն ընթացքին Բիւրոյի ներկայացուցիչը նախ հակիրճ բացատրեց ՀՅԴ Բիւրոյի կառուցուածքը, գործառոյթները, ապա անդրադարձաւ Հայաստանի տնտեսա-քաղաքական իրավիճակին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի պետական յանձնաժողովի հետ համատեղ աշխատանքներին՝ անոր մէջ կուսակցութեան դերին, տարածաշրջանային հարցերուն: Հրանդ Մարգարեան կարեւոր շեշտադրումներով մանրամասն ներկայացուց Սուրիոյ իրավիճակը, ստեղծուած այդ իրավիճակին մէջ կուսակցութեան նախաձեռնութիւնները, որոնք իբրեւ օժանդակութիւն կրնան սուրիահայերուն համար որոշակի ապահովութիւն ստեղծել:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը մանրամասնօրէն ներկայացուց վերը նշուած հարցերու հանգուցալուծումները, անոնց մէջ ՀՅԴի ունեցած դերակատարութիւնը, եւ տարուած մեծ աշխատանքները:

Աւարտին ներկաներուն առիթ տրուեցաւ հարցումներ ուղղելու ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին եւ հանդիպումը աւարտեցաւ համեստ ընդունելութեամբ:

comments