Թուրքիա Պարտաւոր Է Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու. Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

By Asbarez | Monday, 23 May 2011

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Քուէյթ կատարած իր այցելութեան ծիրէն ներս, Արամ Ա. կաթողիկոս Չորեքշաբթի, Մայիս 18ին տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ներկայ էին Քուէյթի բոլոր թերթերու եւ հեռատեսիլներու, ինչպէս նաեւ «Երկիր Մետիա»ի թղթակիցները։ Մէկ ու կէս ժամ տեւած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, վեհափառը պատասխանեց հարցումներու, որոնք առաւելաբար առնչուած էին Քուէյթ իր այցելութեան նպատակին, ու ընդհանրապէս Քուէյթի հայութեան, Լիբանան-Քուէյթ յարաբերութեան, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեան ու մասնաւորաբար Հայոց Ցեղասպանութեան, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութեան, յատկապէս՝ Ղարաբաղի, Լիբանանի հայութեան եւ ընդհանրապէս ներկայ աշխարհը յուզող տագնապներուն։

Վեհափառը մասնաւորաբար շեշտեց հետեւեալ կէտերը.

1. Քուէյթի մէջ հայ համայնքը լայն ազատութիւններ կը վայելէ. ունի իր եկեղեցին ու դպրոցը, լաւապէս կազմակերպած է իր համայնքային կեանքը, եւ այս գծով՝ «Մենք համայնքին անունով մեր երախտագիտութիւնը յայտնեցինք Քուէյթի իշխանութեան եւ ժողովուրդին»։

2. Քուէյթը միշտ կը մնայ բարեկամ Լիբանանին։ Լիբանանեան տագնապի շրջանին, կարեւոր դեր կատարեց ան՝ կողմերու միջեւ հասկացողութիւն յառաջացնելու իմաստով։ Կը սպասենք, որ Քուէյթ շարունակէ իր տնտեսական օժանդակութիւնը Լիբանանին։

3. Լիբանանի հայ համայնքը երկրին եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկն է. ան իր պարտաւորութիւնները լիովին կը կատարէ Լիբանանի նկատմամբ. միաժամանակ, տէր կը կանգնի ան իր բոլոր իրաւունքներուն։ Լիբանանի մէջ համայնքային գոյակցութիւնը առանցքը կը կազմէ Լիբանանի գոյութեան ու իւրայատկութեան։

4. Հայերը չեն որ Ատրպէյճանի հողը գրաւած են, այլ՝ ճիշդ հակառակը։ Ղարաբաղը մաս կը կազմէ Հայաստանին. պատմութեան ընթացքին, պայմաններու բերումով, անիկա Խորհրդային իշխանութեան կողմէ տրուեցաւ Ատրպէյճանին։ Ղարաբաղի հողին վրայ ապրող հայ ժողովուրդը իրաւունքը ունի ինքնորոշման։

5. Թուրքիան պարտաւոր է իր հայրերուն կողմէ պետական մասշտապով ծրագրուած ու գործադրուած Ցեղասպանութիւնը ընդունելու։ Կարելի չէ՛ պատմական իրողութիւնները ուրանալ։ Հայ ժողովուրդը արդարութիւն կը պահանջէ Թուրքիայէն ու միջազգային համանքէն։

6. Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը հրամայական է ներկայ աշխարհին մէջ, համաշխարհայնացած աշխարհը կը պատադրէ կեանքի երկխօսութիւն բոլոր կրօններու ու մշակոյթներու միջեւ։ Միջին Արեւելքէն ներս դարեր շարունակ քրիստոնէութիւնն ու իսլամութիւնը միասին ապրած են հասարակաց արժէքները շեշտելով ու իրենց տարբերութիւնները յարգելով։ Հետեւաբար, պէտք է հեռու մնալ այնպիսի մօտեցումներէ, որոնք կրնան վնասել քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան։ Կրօնքը պէտք չէ՛ օգտագործուի ոչ-կրօնական նպատակներու։ Կրօնքը սիրոյ, խաղաղութեան ու արդարութեան առաքեալը պէտք է մնայ միշտ։

Վեհափառը նաեւ առանձին հարցազրոյցներ ունեցաւ հեռատեսիլի կարգ մը կայաններու հետ։

Քուէյթ իր կեցութեան երեք օրերու ընթացքին, վեհափառը շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ ու այցելութիւններ կատարեց։ Իր իջեւանած պանդոկին մէջ, վեհափառին այցելեցին Հայաստանի սփիւռքի նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեան, ընկերակցութեամբ Հայաստանի դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեանի։ Սոյն հանդիպումը առիթ դարձաւ քննելու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու կարելիութիւնները։

Ապա վեհափառին այցելեցին Քուէյթի Ազգ. վարչութիւնը, թեմական խորհուրդը, կեդրոնական կոմիտէն եւ այլ ազգային մարմիններ։ Հանդիպումներու ընթացքին վեհափառը, լսելէ ետք յիշեալ մարմիններու գործունէութեան մասին, իր հայրական թելադրութիւնները կատարեց՝ շեշտելով եկեղեցին ու դպրոցը իրենց վստահուած առաքելութեամբ աւելի՛ հզօրացնելու անհրաժեշտութիւնը։

Վեհափառը կաթողիկոսական փոխանորդ սրբազանին եւ Ազգ. իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ այցելեց Հայաստանի դեսպանատունը եւ իր գնահատանքը յայտնեց դեսպանին կողմէ կատարուող դիւանագիտական աշխատանքներուն համար։

Վեհափառը նաեւ այցելեց Քուէյթի Ազգ. վարժարանը, հանդիպում ունեցաւ ուսուցչական կազմին հետ, եղաւ աշակերտութեան հետ ու քաջալերեց անոնց աշխատանքը։

Ի պատիւ վեհափառին, ճաշկերոյթ մը սարքեց Քուէյթի ազգայիններէն Ազգ. վարժարանի յիսնամեակի հանդիսութեան նախագահ՝ տէր եւ տիկին Մելիք Մելիքսէթեան։ Ճաշկերոյթին ներկայ գտնուեցան սփիւռքի նախարարուհին, Հայաստանի դեսպանը եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչները։

comments

Advertisement