Սուրիահայ Երիտասարդ Մը Զոհուած Է

By Asbarez | Tuesday, 26 November 2013

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հալէպի Վիլլաներ թաղամասին մէջ 13 Նոյեմբերին ականի պայթիւնի իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած հինգ հայ երիտասարդներէն մէկը՝ 23ամեայ Տիգրան Մանուկեանը, մահացած է: Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի աշխատակից Զարմիկ Պողիկեան «Արմէնփրէս»ին յայտնած է, որ զոհուած հայորդիին յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 26 Նոյեմբերին Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Նոյն եկեղեցւոյ մէջ վերջին հրաժեշտ տրուեցաւ նաեւ Նոյեմբեր 17ին Դամասկոսի Հարասթա շրջանին մէջ նահատակուած հայ զինուորին՝ Յակոբ Տէր Ղազարեանին: Սուրիական աղբիւրներու համաձայն՝ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող հակամարտութեան իբրեւ հետեւանք մինչեւ այս տարուան 14 Նոյեմբերը զոհուած է 65 հայ:

comments