Հալէպի Մէջ Դարձեալ Հայ Մը Զոհուած Է

By Asbarez | Thursday, 19 December 2013

 

ՀԱԼԷՊ.- «Բերիոյ Նիուզ» կը փոխանցէ, որ Երեքշաբթի, 17 Դեկտեմբերին, զինեալ ընդիմադիրներ առաւօտեան ժամերէն մինչեւ երեկոյեան տասնեակ մը հրասանդ նետեցին Հալէպ քաղաքի կեդրոնը՝ Ալ Մունշիէ, Ապպարա եւ Պուսթան Քըլապ շրջանները:

Հրասանդի պայթումներուն պատճառով զոհուեցան 5 քաղաքացիներ եւ վիրաւորուեցան աւելի քան 70 անձեր: Զոհուողներու կարգին էր նաեւ 62 տարեկան Նազարէթ Տրէժեանը:

Նազարէթը, զոհուած է կէսօրէն ետք գործատեղիէն տուն վերադարձի ընթացքին:

comments