By Ա.Էֆ.Փէ. | Tuesday, 07 June 2011

ՇԻՔԱԿՕ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Բուժուելու յոյս չունեցող եւ տառապող հիւանդներու անձնասպանութեան իրաւունքի պաշտպան տոքթ. Ճեք Գէորգեան, որ այս շաբթուան ընթացքին հիւանդանոց փոխադրուած էր թոքերու հիւանդութեան մը պատճառով, իր մահկանացուն կնքեց Ուրբաթ, Յունիս 3ին: Ան 83 տարեկան էր:
1990ական թուականներուն, բժիշկներու օժանդակութեամբ անձնասպանութեան իրաւունքին հարցը ամերիկեան ընկերութեան քննարկումի նիւթ դարձուցած բժիշկը, մօտաւորապէս 130 առիթներով անձամբ օժանդակած էր հիւանդներու անձնասպանութեան, հակառակ իշխանութեանց կողմէ իր վրայ բանեցուած ճնշումներուն, որոնց հետեւանքով, ան նաեւ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ: Տոքթ. Գէորգեան միայն 2007ին ազատ արձակուած էր՝ խոստանալով անձնասպանութեան չօժանդակել: Անցեալ տարի, իր մասին պատրաստուած ֆիլմի մը շուրջ «Սի. Էն.Էն.»ի հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Գէորգեան վստահեցուցած էր, թէ երբե՛ք չէ զղջացած իր արարքներուն համար:
Յիշեցնենք նաեւ, որ ան նկարիչ մըն էր ու իր գործերուն մէջ տեղ գտած են Հայկական Ցեղասպանութեան հետեւանքները ցոլացնող պատկերներ:
Հակառակ այն իրողութեան, որ Գէորգեանի նահանգը՝ Միշիկընը, կը շարունակէ դէմ դնել բժիշկներու օժանդակութեամբ անձնասպանութեան իրաւունքին, ներկայիս Միացեալ Նահանգներու երկու նահանգներուն մէջ (Օրիկըն եւ Ուաշինկթըն) նման անձնասպանութիւններ օրինաւոր են:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan