Բռնցքամարտիկ Վանէս Մարտիրոսեանի Յաղթանակը Սօլ Ռոմանի Դէմ

By Asbarez | Tuesday, 07 June 2011


«Երեւան» թերթի թղթակից Մանուկ Յակոբեան կը տեղեկացնէ, թէ Շաբաթ, Յունիս 4ին կայացած թեթեւ-միջին կշիռքի բռնցքամարտի մը ընթացքին, «HyeFighter»ի բռնցքամարտիկներէն Վանէս Մարտիրոսեան տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրած է մեքսիքացի Սօլ Ռոմանի դէմ՝ զայն զգետնելով 7րդ հանգրուանին:

Մարտիրոսեան ներկայիս յաջորդական 30 յաղթանակ արձանագրած է եւ ոչ մէկ պարտութիւն կրած է, իսկ յաջորդ մրցումին յաղթանակ մը արձանագրելու պարագային, ան պիտի տիրանայ WBC-ի թեթեւ-միջին կշիռքի տիտղոսին:

comments