By Asbarez | Monday, 23 December 2013
ՀԱԼԷՊ.- «Բերիոյ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21ին, Հալէպի Սիւլէյմանիէ շրջանի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ 123ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն մը: Ներկայ եղած է հոծ բազմութիւն մը՝ անտեսելով Հալէպի դիմագրաւած դժուար եւ տագնապալի պայմանները:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առած է մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով ՀՅԴի նահատակներուն եւ Սուրիոյ ու սուրիահայութեան բիւրաւոր զոհերուն յիշատակը, ապա հնչած են Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները:
Օրուան պատգամը փոխանցած է տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան, որ հաստատած է, թէ ՀՅԴի օրը առիթ կը նկատուի հաշուետուութիւն կատարելու: Բանախօսը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Սուրիոյ եւ մանաւանդ սուրիահայութեան հետ կապուած զարգացումներուն՝ դիտել տալով, որ ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքական ուղեգիծին հիմնական պատգամը այն է, որ Սուրիա պէտք է շարունակէ պահպանել ամբողջական համակեցութեան սկզբունքն ու անոր վրայ հիմնուած պետական եւ հասարակական համակարգը՝ բացառելով բռնամիջոցը, մերժելով ներսուրիական բախումները եւ միայն քաղաքական երկխօսութեամբ լուծելով հարցերը:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan