Հալէպի Մէջ Հայկական Կրթական Հաստատութիւններու Ուսանողներ Վիրաւորուած Են

By Asbarez | Thursday, 26 December 2013

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25ի յետմիջօրէին, Սուլէյմանիէի Աուճեթ Ալ Ճըպ եւ Թելեֆոն Հաուայի շրջաններուն մէջ ինկած ռումբերու հետեւանքով երկու հայեր վիրաւորուած են:

«Գանձասար»ի աշխատակից Զարմիկ Պողիկեան կը տեղեկացնէ, թէ վիրաւորուած են Համազգայինի հայագիտական հիմնարկի ուսանող Անի Դաւթեան եւ Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի աշակերտ Արա Արամեան:

Ընտանիքի մը անդամներու վիրաւորուած ըլլալու մասին լուրեր կան, սակայն տակաւին մանրամասնութիւններ չկան:

comments