Հայ Զոհ Եւ Վիրաւոր Մը՝ Պէյրութի ՄԷջ Տեղի Ունեցած Պայթումին

By Asbarez | Friday, 27 December 2013

ԵՐԵՒԱՆ «Եռագոյն».- 27 Դեկտեմբերի առաւօտուն Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ուժգին պայթումին պատճառով զոհուած է 1938ի ծնունդ Գէորգ Անդրանիկ Թախթաճեանը: Այս մասին  «Եռագոյն»ին յայտնած է «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը։ Ան նաեւ նշած է, որ վիրաւորներուն մէջ եւս կայ հայ մը՝ Փիեռ Ղազարեան:

Յիշեցնենք, որ ականուած ինքնաշարժով կատարուած ուժգին պայթումին թիրախը քաղաքական անձնաւորութիւն, նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահն էր, որ սպաննուեցաւ իր ընկերակիցին հետ:

comments