Արցախի Ինքնորշման Իրաւունքը Եւս Պաշտպանելու Կոչ՝ Օպամային

By Asbarez | Monday, 27 June 2011

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան, անդրադառնալով Չորեքշաբթի, Յունիս 22ի երեկոյեան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ուղղակի պատկերասփռուած ելոյթին, շեշտեց, թէ նախագահը պէտք է պաշտպանէ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը, ինչպէս, որ կը պաշտպանէ Աֆղանիստանի եւ ազատ ապրելու համար պայքար տանող այլ երկիրներու ժողովուրդներուն ինքնորոշման իրաւունքը:

Համբարեան քննադատեց եւ «անպատասխանատու» որակեց այն իրողութիւնը, որ Օպամայի կառավարութիւնը կը շարունակէ անտեսել Արցախի ժողովուրին կամքը ու բանակցութեանց ընթացքին առաջնակարգ տեղ չի շնորհեր արցախցիներու ինքնորոշման իրաւունքին: Ան նաեւ աւելցուց, թէ արցախցիներուն ձայնը լսելի դարձնելու համար, Օպամա պէտք է նեցուկ կանգնի այն ջանքերուն, որոնց նպատակն է Լեռնային Ղարաբաղի բանակցութեանց Արցախի ղեկավարութեան մասնակցութիւնը ապահովել:

Իր ելոյթին ընթացիքն, Օպամա ըսած էր. «Պէտք է յիշենք, թէ Ամերիկա իւրայատուկ է ոչ միայն իր ուժին, այլ իր սկզբունքներուն համար, որոնց վրայ հիմնուած է այս երկիրը», որմէ ետք նշած էր այս սկբուննքերէն ոմանք, որոնց շարքին էր հետեւեալը՝ «Մենք նեցուկ կը կանգնինք ոչ թէ կայսրութիւններ հաստատելու ջանքերուն, այլ ինքնորոշման եւ այդ պատճառով մեզի համար կարեւոր են արաբական աշխարհին մէջ սկսած ժողովրդավարականացման արշաւները»:

comments