Բրիտանիոյ Խորհրդարանը Կը Քննէ Արցախի Հիմնախնդիրը

By Asbarez | Tuesday, 11 February 2014

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանը Երեքշաբթի, Փետրուար 11ին քննած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պատգամաւոր Սթիվըն Փաունտի առաջարկով:

Փաունտ առաջադրած է «Մեծն Բրիտանիոյ քաղաքականութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի գծով» նիւթով քննարկում կատարել, նկատի ունենալով սահմանային վերջին խլրտումները:

Նշենք, որ 2007ին, Սթիվըն Փաունտ Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ այցելած էր:

Նաեւ, Բրիտանիա բազմիցս աջակցութիւն յայտնած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին:

comments