Հրանդ Տինքի Դատավարութիւնը Դարձեալ Յետաձգուեցաւ

By Asbarez | Thursday, 13 February 2014

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հրանդ Տինքի դատավարութեան նոր շրջանի չորրորդ նիստը կայացաւ Չորեքշաբթի, Փետրուար 12ին եւ ինչպէս նախորդներուն պարագային, այս անգամ եւս շօշափելի յառաջդիմութիւն չարձանագրուեցաւ։

Վճռաբեկ ատեանը բեկանած էր դատարանին նախորդ վճիռը, թէ այս ոճիրին ետին կազմակերպութիւն չկար։ Այժմ, դատավարութեան նոր հանգրուանին, այդ կազմակերպութիւնը կը փնտռուի։
Չորեքշաբթի օրուան նիստին ընթացքին հեռաւոր հաղորդակցութեան միջոցներով մասնակցեցան գլխաւոր ամբաստանեալներ Էրհան Թունճել եւ Եասին Հայալ։ Նախ Տինքի ընտանիքի փաստաբան Պաքըրճօղլու ըսաւ, որ այս ոճիրին պատասխանատու են շատ աւելի մեծ թիւով մարդիկ, որոնք եւս պէտք է հետաքննուին։ Իր կարգին, Թունճելի փաստաբանը դիտել տուաւ, որ իր պաշտպանեալը աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր բանտարկուած է եւ այլեւս պէտք է ազատ արձակուի։ Դատարանը մերժեց այս պահանջը։

Տրուած ըլլալով, որ ամբաստանեալներէն Ահմետ Իսքենտեր մինչեւ այսօր չէ գտնուած, դատավարութիւնը պիտի յետաձգուի մինչեւ Ապրիլ 18։

Դատավարութենէն առաջ, դատարանէն դուրս դարձեալ հաւաքուած էին Հրանդ Տինքի բարեկամները, որոնց անունով խօսեցաւ Գարին Գարագաշլը եւ ըսաւ, թէ դատավարութիւնը պէտք է աւելի լուրջ եւ համոզիչ ըլլայ։ Ան յիշեցուց, որ բազմաթիւ պատասխանատուներ, փոխանակ հարցաքննուելու ու պատժուելու՝ պաշտօնի բարձրացումի արժանացած են:

comments