Ուքրանիոյ Հայկական Եկեղեցիները Պահպանելու Կոչ

By Asbarez | Friday, 28 February 2014

 

 


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «ԻԿՕՄՕՍ/Հայաստան» կազմակերպութիւնը, միանալով «Կապոյտ Վահան» միջազգային կազմակերպութեան յայտարարութեան՝ Ուրբաթ, Փետրուար 28ին իր մտահոգութիւնը յայտնած է թէ՛ Ուքրանիոյ մշակութային ժառանգութեան եւ թէ Ուքրանիա գտնուող հայկական ժառանգութեան նմոյշներու անխաթար ու ամբողջական պահպանութեան վերաբերեալ:

«Ուքրանիոյ մէջ տիրող քաղաքական ճգնաժամին պատճառով, յուշարձանները, եկեղեցիներն ու վանքերը կը գտնուին քանդումի եւ կողոպուտի սպառնալիքին տակ», յայտարարած էր «Կապոյտ Վահան» միջազգային կազմակերպութիւնը, Փետրուար 27ին:

Կազմակերպութիւնը յիշեցուցած էր, թէ Ուքրանիոյ կողմէ վաւերացուած միջազգային համաձայնագիրները, Ուքրանիոյ ազգային օրէնսդրութիւնը եւ միջազգային իրաւունքը, ուքրանացի ազգին կը վերապահեն զինուած ընդհարման պարագային՝ մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելու պարտաւորութիւնը: «Կապոյտ Վահանը» կոչ ըրած էր ընդհարման բոլոր կողմերուն՝ կատարելու այդ պարտաւորութիւնը:

Նշենք, որ Ուքրանիոյ մէջ կան Խրիմի Ս. Խաչ եւ Եալթայի, Թէոտոսիոյ եւ այլ քաղաքներու հայկական եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ՝ Լվովի Ս. Աստուածածին Մայր տաճարը, որ ընդգրկուած է «Եունեսքօ»ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ:

 

comments

Advertisement