By Asbarez | Tuesday, 26 July 2011
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Չորեքշաբթի, Յուլիս 20ի յետմիջօրէին, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբը, ատենապետութեամբ Իլենա Ռոս Լեհթինընի, քննեց մօտաւորապէս ամիս մը առաջ Քոնկրեսին ներկայացուած այն բանաձեւը, որ կ՛առնչուի Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց՝ հայերու, յոյներու, ասորիներու, պոնտոսցիներու, սրիանիներու եւ այլոց, պատկանող եկեղեցիներու, եկեղեցական կալուածներու եւ ստացուածքներուն վերադարձին, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութեան կրօնական ազատութիւններու ապահովման:
Այս բանաձեւը, որուն համահեղինակներն են Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամներ Էտ Ռոյս (Հ., Քալիֆորնիա) եւ Հաուըրտ Պըրմըն (Դ., Քալիֆորնիա), ներկայացուեցաւ իբրեւ այլ բանաձեւի մը յաւելուած:
Բանաձեւին քննարկման ընթացքին կոչ եղաւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ յարգեն իրենց միջազգային պարտաւորութիւնները եւ արտօնութիւն տան կրօնական փոքրամասնութեանց, որ ազատօրէն կատարեն իրենց պաշտամունքները, նաեւ վերջ տան կրօնական փոքրամասնութեանց հալածանքներուն: Շեշտուեցաւ, թէ ոտնակոխումները կը շարունակուին եւ աւելցուեցաւ, թէ փոքրամասնութիւնները պէտք է իրաւունք ունենան նորոգելու իրենց պաշտամունքի վայրերը ու վերատիրանալու անոնց:
Պըրմըն կատարեց քննարկման բացումը եւ իրմէ ետք ելոյթ ունեցած քոնկրեսականներ Պիլիրաքիս, Շըրմըն, Ռոյս, Քոլին, Տանքըն, Էնկըլ, Միքս, Էքըրմեն, Սմիթ եւ Քարընհեն:
Ռորպաքըր պնդեց, թէ Թուրքիա շրջանին մէջ «ամենաազատ» երկիրն է եւ հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ պէտք է այս բանաձեւը, երբ իսլամական այլ երկիրներու դէմ նման քայլեր չեն առնուիր: Ըստ անոր, «երկու չափ-երկու կշիռ կայ» Թուրքիոյ դէմ, սակայն աւելցուց, թէ բանաձեւին ի նպաստ պիտի քուէարկէ: Պըրմըն պնդեց, թէ Թուրքիա արդի երկիր մըն է, սակայն ետ կը մնայ կրօնական ազատութեան մարզին մէջ:
Փօ եւս համաձայն գտնուեցաւ Ռորպաքըրին, ցաւ յայտնելով, որ Ուաշինկթըն յաճախ աւելի խիստ կ՛ըլլայ իր դանակիցներուն նկատմամբ:
Դրական նկատուեցաւ այն իրողութիւնը, որ Թուրքիոյ վերջին ընտրութիւններուն ընթացքին, առաջին անգամն ըլլալով քրիստոնեայ մը երեսփոխան ընտրուած է, սակայն Էնկըլ ցաւ յայտնեց, որ Թուրքիա սկսած է թերանալու իր պարտականութեանց մէջ, իբրեւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից, եւ սկսած է հեռանալ նաեւ Եւրոպական Միութենէն:
Քննարկումէն ետք տեղի ունեցած քուէարկութեան ընթացքին, բանաձեւին ի նպաստ քուէարկեցին 43 քոնկրեսականներ, իսկ անոր դէմ՝ միայն մէկ, ապահովելով բանաձեւին վաւերացումը:
Թեքսասէն հանրապետական Ռան Փօլ միակն էր, որ դէմ քուէարկեց:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan