By Asbarez | Tuesday, 25 March 2014
(Ականտեսներու վկայութիւններ)
ՀԱԼԷՊ, «Լրատուական Գրասենեալ».- Մարտի 21ի վաղ առաւօտուն բռնկեցաւ Քեսապի թրքական սահմանը՝ ամբողջ երկարութեամբ: Թրքական տասը «Պի.ԷՄ.Պէ.»ներ հատեցին թուրք-սուրիական սահմանը: Բազմաթիւ հրասայլեր նոյնպէս: Սկսան ուժգին յարձակում գործելու սուրիական բանակի դիրքերուն վրայ: Սկսան հարուածել յատկապէս Սեւ Աղբիւրի եւ Քեսապի բարձունքին վրայ գտնուող սահմանային պահակակէտերը: Թրքական հրթիռներ հարուածեցին Քառասուն Հինգ կոչուած բարձունքի սուրիական բանակի դիրքը, ապա Ֆրընլոքի դիրքը:
Հազարաւոր զինեալներ եւ ահագին զինամթերք թրքական մեքենաներով բերուեցան Սեւ Աղբիւրի սահմանին վրայ: Զինամթերքը, թուրք զինուորները բաժնեցին զինեալներուն: Գործողութիւններու ընթացքին վիրաւորները տեղափոխուեցան թրքական հիւանդատար մեքենաներով: Այսպիսով յարձակումի ճամբան թրքական կողմը պատրաստեց: Զինեալները չէչէն, աֆղանիստանցի, լիպիացի, թունուզցի եւ շատ մեծ թիւով թուրքմէններ էին: Յարձակումը սկսաւ Քեսապի բարձունքի կէտէն: Հազարաւոր զինեալներ կայծակի արագութեամբ ներխուժեցին նախ Սեւ Աղբիւր, ճեղքեցին անցան սահմանի պահակակէտը, հասան Տիւզաղաճ եւ Լեղի æուր: Գարատաշէն Քեսապի բարձունք, մինչեւ Տիւզաղաճ եւ անկէ մինչեւ Նապ ըլ Մըր տասնհինգ քիլոմեթր երկարութեամբ սահմանը դարձաւ ճակատ: Թրքական կողմը տեւաբար զինամթերքով կը մատակարէր զինեալները: Գործողութիւններու ընթացքը ակնյայտ կը դարձնէր, որ զինեալներու յարձակում մը չէր եղածը, այլ լաւապէսսերտուած, կազմակերպուած եւ մասնագիտականօրէն ուղորդուած եւ ղեկավարուած բանակի մը գործողութիւնը:
Նշենք, որ բաւական ժամանակ առաջ, այս սահմանէն Թուրքիա իր զօրքը քաշած էր, բայց ամիսներէ ի վեր սահմանի ամբողջ երկայնքին, սուրիական կողմէն լսելի էին երկաթագործական աշխատանքի մեքենաներուն ձայները: Գործողութիւններուն ընթացքին ալ Թրքական զօրքը կատարեց մատակարարում զինեալներուն:
Մենք գիշերով անդրադարձած էինք եւ կը հետեւէինք սահմանի ամբողջ երկայնքով կատարուող շարժումներուն, եւ պատրաստ էինք հսկողի մեր դիրքերուն վրայ: Առաւօտուն ժամը հինգի մօտերը սկսաւ յարձակումը: Առաջին պայթումը լսուեցաւ Քեսապի բարձունքէն, եւ այլեւս չդադրեցաւ, հակառակ սուրիական բանակի զօրաւոր պաշտպանութեան:
Յարձակողները հրետանիի երեք հարուածներով փլեցին Քեսապի բարձունքի սուրիական սահմանակէտը: Անկէ ետք գործողութիւնները ընթացան շատ արագ: Առին Սեւ Աղբիւրը, սահմանակէտը: Մենք, ի տես այս կացութեան, ըստ նախատեսուածին, վտանգուած շրջաններէն սկսանք պարպելու Քեսապի եւ գիւղերուն կիներն ու մանուկները, տղաները մնացին բանակի օժանդակութեան համար: Մեր ընկերներէն մէկը ձերբակալուեցաւ եւ ազատեցաւ հրաշքով: Զոհ չունեցանք: Կռուողները շատ մարզուած էին, մեր համոզումով յատուկ մարզուած ուժեր էին: Եթէ Քեսապցիներս զգացած չըլլայինք սահմանի վրայ եղած շարժումները եւ ժամանակին պարպած չըլլայինք բնակչութիւնը, պիտի կրկնուէր Ըսլընֆէի ջարդը: Թուրքիոյ սահմանի ամբողջ երկայնքին բոլոր բլուրներուն վրայ արձակազէններ դրուած էին: Անոնք մեզ մէկիկ մէկիկ կ՛որսային, եթէ մենք սովորականին պէս գացած ըլլայինք մեր դաշտային աշխատանքերուն:
Սուրիական բանակը մէկ օր առաջ լաւ կռուած էր ու պաշտպանած ամբողջ սահմանը. առաջին օրը մտան Սեւ Աղբիւր եւ վտանգեցին Քեսապի մայր ուղին՝ արձակազէնով: Նոյն ատեն խուժեցին մեծ թիւով Սեւ Աղբիւրէն եւ մտան Քեսապի սիրտը: Բանակը յոգնած էր, Թուրքիոյ կատարածէն ու հարուածէն եւ զինեալներու բազմահազարնոց թիւէն անակնկալի եկած պէտք եղած օժանդակութիւնն ալ կարելի չեղաւ ատենին հասցնել, մինչ թրքական հողէն զինեալներ անդադրում կերպով կը շարունակէին ներխուժել:
Քեսապի մէջ այլեւս բնակչութիւն չկայ: Քեսապ ամբողջութեամբ հայաթափուած է. իր աւանով եւ տասներկու գիւղերով: Հազարաւոր քեսապահայեր, խաղաղասէր եւ աշխատասէր, դարձած են ոչ միայն գաղթական ու անտուն, այլ նաեւ՝ արմատախիլ, իրենց պատմական բնակավայրէն, ուր ապրած էին հազարաւոր տարիներ, ուր արիւն-քրտինք թափած էին, քարէն հաց քամած էին հաստատութիւններ հիմնած, մշակոյթ կերտած:
Լաթաքիոյ հայութիւնը գրկաբաց ընդունեց գաղթական քեսապահայերը եւ անոնց պատսպարան յատկացուց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հայոց հոգետունը, ճիշդ այն վայրը, ուր պատսպարուած էին քեսապահայերը 1909ի Աղէտին ատեն:
Գաղութի պատասխանատուները գործակցաբար քեսապի պատասխանատուներուն ձեռնհասօրէն կը հոգան բնաւեր քեսապահայերուն բազմազան պէտքերը:
Բուռն մարտերը տակաւին կը շարունակուին Քեսապի մէջ: Քեսապահայութեան կը սպասեն անորոշ օրեր:
Ո՞վ կրնայ կանխատեսել գալիք օրերը: Ինչո՞ւ զարմանալ, երբ հայուն դժբախտութեան պատճառը միշտ նոյնն է՝ թուրքը, ամօ՛թ քաղաքակիրթ աշխարհին:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan