By Asbarez | Friday, 28 March 2014
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը Մարտ 26ին նամակներ յղած է Ֆրանսայի խորհրդարանի բոլոր անդամներուն, ինչպէս նաեւ ծերակուտականներուն, որպէսզի ճնշում բանեցնեն Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան վրայ՝ Քեսապի իրադարձութեանց միջամտելու եւ բնակչութեան ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար:
Հայ Դատը կը պահանջէ, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն պարտադրէ անյապաղ վերջ տալ Քեսապի խաղաղ բնակչութեան դէմ իրականացուող ռազմական գործողութիւններուն՝ ապստամբները անյապաղ դուրս բերելով շրջանէն: Արդարեւ, Հայ Դատը կը շեշտէ, որ Թուրքիա անմիջական աջակցութիւն կը տրամադրէ իսլամ ծայրայեղական զինեալներուն:
Հայ Դատը նաեւ կոչ կ՛ընէ պատասխանատուութեան կանչելու Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը, որովհետեւ անոնք ուղղակի պատասխանատու են այս բռնարարքներուն՝ զանոնք նկատելով ցեղային զտումի նոր փորձ մը՝ նպատակ ունենալով վերացնել հայկական եւ քրիստոնէական ներկայութիւնը Սուրիայէն:
Կը նշուի նաեւ, թէ պատահական չէ, որ այս յարձակումները տեղի կ՛ունենան այն ժամանակ, երբ աշխարհը կը պատրաստուի ոգեկոչելու Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan