Քեսապի Մէջ Մնացած Են 14 Տարեցներ

By Asbarez | Tuesday, 01 April 2014

 

ԼԱԹԱՔԻԱ «Եռագոյն».- Լաթաքիայէն հասած լուրերու համաձայն, Քեսապ մնացած 38 քեսապցիները կամաց կամաց Լաթաքիա կը հասնին, ներկայ դրութեամբ Քեսապ մնացած է 14 քեսապցի, որնոց հետ նոյնպէս փորձ կը կատարուի կապ հաստատել եւ հասցնել Լաթաքիա:

 


Նշենք, որ Երկուշաբթի 31 Մարտի առաւօտուն, Քեսապէն Ս. Աստուածածին Եկեղեցի (Լաթաքիա) հասած են երեք տարեցներ. Ժոզէֆ Սաղտըճեան (94 տարեկան) Յակոբ Ղազարեան (զարամախտով հիւանդ, 85 տարեկան) եւ կինը՝ Արփինէ Չոլաքեան (73 տարեկան): Անոնք մնացած էին Գարատուրանի իրենց բնակարաններուն մէջ:
Միւս կողմէ, Լաթաքիա ապաստան գտած քեսապցիներէն մաս մը արդէն փոխադրուած է Այնճար, ուր տեղւոյն պատասխանատուներու եւ գիւղի բնակչութեան հոգածութեան արժանացած է: Այնճար ժամանած քեսապահայ
աշակերտներ արդէն սկսած են յաճախելու գիւղի Ազգային վարժարան:

 


 

comments