By Asbarez | Tuesday, 01 April 2014
Ռուսիոյ Դաշնութեան (ՌԴ) արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, ուր յայտնած է, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է քննարկէ Քեսապի հայութեան դէմ կատարուած յարձակումները, տալով անոնց սկզբունքային գնահատականը:
«Վերջին օրերուն միջազգային հանրութեան եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան կողմէ Թուրքիոյ սահմանակից, Լաթաքիա քաղաքէն 65 քիլոմեթր հեռու գտնուող Քեսապ քաղաքի իրադարձութիւններուն վրայ: Ստացուած տեղեկութիւններու համաձայն՝ Քեսապ քաղաքի մերձակայքը, ուր դարերով, դեռեւս Կիլիկեան Հայաստանի թագաւորութեան ժամանակներէն, համախմբուած ապրած են հայեր, դաժան յարձակումի ենթարկուած է «Ալ Քայիդայի» հետ կապուած «Ճապհաթ Նուսրի» եւ «Ահրար Շամ» ծայրայեղական խմբաւորման քանի մը հազարի հասնող մարդոց կողմէ», գրուած է յայտարարութեան մէջ:
ՌԴ ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ Քեսապի 700 ընտանիքներու միակ մեղքը անոնց հաւատարմութիւնն է Սուրիոյ կառավարութեան:
«Ինչ կը վերաբերի Youtube-ի մէջ հրապարակուած տեսանիւթերուն, եթէ նոյնիսկ անոնց մէջ ներկայացուածը, ինչպէս կը հաստատեն որոշ աղբիւրներ, ոչ թէ Քեսապի հայերու սպանութիւնն է պատկերուած, այլ սուրիական բանակի զինուորներու դէմ դաժան հաշուեյարդարը, ապա ատկէ այդ յանցագործութիւնը պակաս սարսափելի չի դառնար», ընդգծուած է յայտարարութեան մէջ:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan