Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Խորհրդաժողովը Կը Բացուի

By Aztag Daily | Monday, 07 September 2009

ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ազդակ>>.- Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանին եւ Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակին, Հինգշաբթի, 3 Սեպտեմբեր 2009ին, առաւօտեան ժամը 9։30ին, Հայ աւետարանական Ս. եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցան <<Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Միջազգային օրէնքը>> նիւթով ակադեմական երկօրեայ խորհրդաժողովին առաջին օրուան երեք նիստերը՝ ներկայութեամբ աւելի քան 80 մասնակիցներու, որոնք եկած էին տարբեր երկիրներէ՝ հաւաքաբար քննելու ճշդուած օրակարգերը։

Խորհրդաժողովի առաջին նիստին զրուցավարն էր դոկտ. Արտա Էքմէքճի, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց նիստի երեք զեկուցաբերներուն հակիրճ կենսագրութիւններն ու անոնց ներդրումը ցեղասպանութեան հարցին հետապնդման մէջ։

Առաջին զեկուցումը ներկայացուց դոկտ. Ժորժ ՇարաՖ, որ 1980էն ի վեր դասախօս է Լիբանանեան համալսարանին մէջ՝ իբրեւ պատասխանատու օրէնքի եւ քաղաքական գիտութեան բաժանմունքին։ ՇարաՖ ներկայացուց <<Փոքրամասնութիւններու եւ մեծամասնութիւններու խնդիրներն ու Օսմանական կայսրութեան հարցը>> նիւթը։ Ան հաստատեց, թէ փոքրամասնութիւն-մեծամասնութիւն բախումներուն լաւագոյն օրինակը կարելի է գտնել Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ուր անտեսուած էին փոքրամասնութեանց իրաւունքները, օրէնքները եւ իւրայատկութիւնները։ Ժորժ Շարաֆ յոյս յայտնեց, որ Թուրքիա այսուհետեւ հաշտուի իր պատմութեան հետ եւ վերջ տայ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ իր ոչ հանդուրժողական կեցուածքներուն։ Ան աւելցուց, որ քրտական հարցը կը գտնուի անկիւնադարձային հանգրուանի մը մէջ, եւ հարցին լուծումը կ՛ամբողջանայ միայն այն ատեն, երբ քիւրտերուն կը տրուի իրենց իսկ ճակատագիրը որոշելու իրաւունքը։

Երկրորդ զեկուցումը ներկայացուց դոկտ. Ուղուր Իւնկէօր։ Ան դասախօս է Անգլիոյ <<Շեֆիլտ>> համալսարանին մէջ եւ հեղինակն է ռուանտացիներու ու Հայոց Ցեղասպանութեանց նուիրուած շարք մը ուսումնասիրութիւններու։ Անոր աւարտական թէզը երիտասարդ թուրքերուն մասին է։ Իւնկէօրի նիւթն էր <<Ժողովրդագրական ճարտարագիտութիւն (տեմոկրաֆիք էնճինիրինկ) Օսմանեան կայսրութեան մէջ եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը>>։ Ան ըսաւ, թէ վայրագ ու կատաղի յատկութիւններ ունէին Օսմանեան կայսրութեան առաջնորդները, եւ այդ վերաբերմունքը գործնականացաւ հայութեան ու քիւրտերուն նկատմամբ ծաւալուն բռնութիւններով։ Իւնկէօր նշեց, որ երիտասարդ թուրքերը համապատասխան կազմակերպուածութեամբ, գաղափարական մտայղացումներով եւ զինուորական ուժականութեամբ կը կիրարկէին իրենց ծրագիրները՝ բարբարոսութիւնները։

Առաջին նիստի վերջին նիւթն էր <<Հայկական Հարցը՝ համաձայն արաբական աղբիւրներու>>, զոր ներկայացուց դոկտ. Մուհամէտ Ռիֆաաթը։ Ան Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա համալսարանի դասախօս է եւ ուսումնասիրած է Եգիպտոսի մէջ հայկական գաղութի իրավիճակն ու Հայոց Ցեղասպանութեան խնդիրը։ Անոր գործերէն է <<Հայկական թղթածրարը Օսմանեան կայսրութեան մէջ (1878-1923)>> ուսումնասիրութիւնն ու բազմաթիւ այլ գործեր։ Ռիֆաաթ նշեց, որ եգիպտական մամուլն ու գիրքերը ընդարձակ կերպով անդրադարձած են հայկական կոտորածներուն եւ Օսմանեան կայսրութեան բռնարարքներուն։ Ան յայտնեց, որ իւրաքանչիւր թերթ իր քաղաքական ուղղուածութիւններուն վրայ հիմնուելով՝ կ՛արտայայտէ իր տեսակէտը, բայց համընդհանուր առումով կայ բռնարարքները մերժելու կեցուածք եւ իսլամական արժանապատուութեան վիրաւորուած ըլլալու զգացողութիւն։

Զեկուցումներէն ետք դոկտ. Նէյլա Քայտպէյ ամփոփեց երեք ներկայացումները ու փոխանցեց իր ընդհանուր արժեւորումը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ զրոյց։

Երկրորդ նիստը սկսաւ կէսօրուան ժամը 12։00ին։ Զրուցավարն էր ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան։ Առաջին զեկուցաբերն էր դոկտ. Ուիլեըմ Շապաս, որուն նիւթն էր <<Ցեղասպանութիւնը եւ միջազգային օրէնքը (Ցեղասպանութեան ուխտէն 60 տարի ետք՝ հարցեր եւ հեռանկարներ)>>։ Շապաս Մարդկային իրաւունքներու իրլանտական կեդրոնին տնօրէնն է եւ ան կը դասախօսէ Իրլանտայի ազգային համալսարանին մէջ։ Շապաս ՄԱԿի մէջ ստանձնած է մարդկային իրաւանց բաժանմունքներուն մէջ բազմաթիւ պաշտօններ։ Ուիլեըմ Շապաս ըսաւ, թէ ցեղասպանութիւններուն գծով ղեկավարները անպայմանօրէն պէտք է ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները ու այս առնչութեամբ միջազգային օրէնքը պէտք է դառնայ վերահսկիչն ու առաջնորդողը՝ կասեցնելու համար մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրները, որոնց մեծամասնութիւնը կատարուած են պատերազմներու ժամանակաշրջանին։

Երկրորդ նիստի երկրորդ զեկուցաբերն էր Ալֆրետ Տէ Զայաս, որ ծնած է Քուպա։ Ան ամերիկացի փաստաբան մըն է, որ նաեւ հեղինակ է իրաւաբանական եւ մարդկային իրաւանց հարցերու հետ կապ ունեցող բազմաթիւ հրատարակութիւններու։ Զայաս դասախօս է Ժընեւի դիւանագիտական եւ միջազգային յարաբերութիւններու դպրոցին մէջ։

Ալֆրետ Տէ Զայաս ներկայացուց <<Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ արդարութեան եւ միջազգային օրէնքի հարցեր>> նիւթը։ Ան ըսաւ, թէ 1948ի ցեղասպանութեան ուխտը իրողապէս կը կիրարկուի Հայոց Ցեղասպանութեան վրայ։ Զայաս հաստատեց, թէ միջազգային ընտանիքը պէտք է ունենայ ոչ միայն իրաւական, այլեւ բարոյական պարտաւորութիւն՝ դիմելու այնպիսի քայլերու, որոնք կ՛ապահովեն արդարութիւն եւ յարգանք ցեղասպանութեան ենթարկուած բոլոր ժողովուրդներուն։ Զեկուցաբերը ըսաւ, որ Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, այլապէս այդ պետութիւնը եւրոպական ընկերութեան մէջ տեղ չունի եւ պէտք չէ ունենայ։ Զայաս յայտնեց, որ Թուրքիա ներողութիւն պէտք է

խնդրէ հայ ժողովուրդէն, ինչպէս ըրած են շարք մը մեծ պետութիւններ։
Իսկ երկրորդ նիստի երրորդ նիւթն էր <<Հայերը, Ռաֆայէլ Լեմքին եւ ՄԱԿի ցեղասպանութեան ուխտը>>։ Նիւթը ներկայացուց Խաչիկ Մուրատեան։ Ան 2000-2007 եղած է <<Ազդակ>> օրաթերթի խմբագիրներէն, ապա փոխադրուած է Պոսթըն ու ստանձնած <<Արմինեըն Ուիքլի>> շաբաթաթերթին գլխաւոր խմբագիրի պատասխանատուութիւնը։ Մուրատեան ցեղասպանագիտութեան դոկտորայի թեկնածու է <<Քլարք>> համալսարանին մէջ։ Զեկուցաբերը նշեց, որ <<ցեղասպանութեան>> եզրին բացակայութեան ժամանակաշրջանին հայկական մամուլը կը գործածէր տարբեր եզրեր, ինչպէս՝ եղեռն, Մեծ եղեռն, հայասպանութիւն, ջարդ, շեշտելով միաժամանակ, որ 9 Դեկտեմբեր 1945ին, <<Յառաջ>> օրաթերթին մէջ առաջին անգամ կը հանդիպինք <<ցեղասպանութիւն>> եզրին։ Մուրատեան խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Լեմքինի կապին ու վկայութիւններուն մասին՝ հաստատելով, թէ Լեմքին հայ ժողովուրդի տառապանքը տեսնելով ստեղծած էր այդ ամբողջական պատկերը արտայայտող բառ մը՝ ցեղասպանութիւնը։

Երկրորդ նիստին զեկուցումները ամփոփեց եւ ներկաներուն հարցադրումներ կատարեց դոկտ. Ռանիա Մասրի, ապա տեղի ունեցաւ զրոյց, որուն ընթացքին հարցումներով եւ կարծիքներով քննուեցան արծարծուող օրակարգերը։

Ճաշի դադարէն ետք երրորդ նիստը սկսաւ կէսօրէ ետք ժամը 3։00ին։

Զրուցավարն էր Ժոզէֆ Պայէհ, իսկ առաջին զեկուցաբերն էր Ռակըփ Զարաքօլու, որ ներկայացուց <<Ցեղասպանութեան ուրացումն ու օրէնքը Թուրքիոյ մէջ>> նիւթը։ Զարաքօլու թրքական անարդար քաղաքականութեան դէմ արտայայտուող եւ յստակ կեցուածքներ դրսեւորող մտաւորական եւ լրագրող է, որ հրապարակաւ կոչ կ՛ուղղէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, եւ այս առնչութեամբ տարած իր աշխատանքներուն համար ան մրցանակներու արժանացած է։ Զարաքօլու դիտել տուաւ, որ թէեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով ուրացումը թրքական կառավարութեան առաջին հակազդեցութիւնն է, սակայն անոր խորքը պարապ է, որովհետեւ կարելի չէ ուրացումով եւ պատմութենէն խուսափելով տեղ հասնիլ։ Ան դիտել տուաւ, որ Թուրքիոյ մէջ ուրացման քաղաքականութիւնը այնքան արմատացած եւ մարդոց արեան մէջ ներմուծուած է, որ անոր մասին խօսիլ անգամ սպառնալիքի վերածուած է իշխանաւորներուն կողմէ՝ համապատասխան օրէնքներու ճշդումով։ Զարաքօլու լուսարձակի տակ առաւ այս առնչութեամբ գոյութիւն ունեցող օրէնքները, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով ուրացման քաղաքականութեան ճնշում կը բանեցնեն թրքական հանրային կարծիքին վրայ։ Ան եզրափակեց, թէ այս բոլորը տեղ չեն հասցներ, որովհետեւ այսօրուան թրքական պետութիւնը, որուն մասին կ՛ըսուի, թէ տարբեր է Օսմանեան կայսրութենէն, կը շարունակէ վերջինին ուղին, ինչպէս նաեւ պատասխանատուութեան դէմ յանդիման կը գտնուի նախ ինքնիր անցեալին հետ անկեղծ ըլլալու։

Յետմիջօրէի նիստին երկրորդ զեկուցաբերն էր Սէյհան Պայրաքտար, որ ներկայացուց <<Թրքական մամուլին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման եղափոխութիւնը>> նիւթը։ Անոր համաձայն, 2003 թուականին յատկապէս աւելի քան երբեք թրքական մամուլը անհատական թէ հաւաքական-պետական մակարդակի վրայ սկսաւ ուրացման քաղաքականութեան թատերաբեմ հանդիսանալ թափանցիկ կերպով։ Պայրաքտար լուսարձակի տակ առաւ տարբեր հանգրուաններու եւ որոշակի դէպքերու բերումով թրքական մամուլին ընդմէջէն ի գործ դրուած աշխատանքը՝ յայտնելով, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդհանրապէս եւ ուրացումը յատկապէս թրքական տեղեկատուական աղբիւրներուն, յատկապէս գրաւոր աղբիւրին կիզակէտը կը հանդիսանան, որպէսզի կարելի ըլլայ հանրային համապատասխան կարծիք ձեւաւորել կամ տուեալ միտքերն ու ուրացման գաղափարները ամրապնդել անոր մօտ։

<<Քրտական-հայկական յարաբերութիւններն ու Հայոց Ցեղասպանութիւնը>> նիւթը ներկայացուց Պիլկին Այաթա, որ <<Ճոն Հոփքինզ>> համալսարանին մէջ դոկտորականը կ՛ամբողջացնէ, ուսումնասիրութեան առարկայ դարձուցած է յատկապէս Թուրքիոյ եւ Եւրոպայի մէջ ապրող քիւրտերուն պարագան։

Ան լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայութեան դէմ գործադրուած տեղահանութիւնն ու սպանդը հինէն եկող, սակայն նորոգուող պարագայ է Թուրքիոյ տարածքին, մանաւանդ, որ թրքական իշխանութիւնները քիւրտերուն նկատմամբ եւս կատարած են նոյն անարդարութիւնները, հարց տալով, թէ արդեօք անոնք պիտի կրկնուէ՞ին, եթէ Թուրքիա Ցեղասպանութիւնը ճանչցած ըլլար։ Այաթա դիտել տուաւ, որ միջազգային մարմիններուն կողմէ գործադրուած ճնշումներուն տակ է, որ Թուրքիա որոշ բարեկարգումներու դիմեց քիւրտերու պարագային, սակայն թուրք իշխանաւորները իրենց ոճիրները կը կրկնեն, եւ միշտ ալ անկարող են իրականութիւններու դէմ յանդիման կանգնելու։

Օրուան վերջին զեկուցումին նիւթն էր <<Թրքական ազգայնականութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը այսօրուան Թուրքիոյ մէջ>>, սակայն անոր հեղինակը՝ Թանէր Աքչամ, ընտանեկան պատճառներով բացակայ էր խորհրդաժողովէն, իսկ անոր զեկուցումը ընթերցեց դոկտ. Արտա Էքմեքճի։ Աքչամ <<Քլարք>> համալսարանի Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէնն է, ինչպէս նաեւ իր դոկտորականը ստացած է իբրեւ նիւթ ունենալով թրքական ազգայնականութիւնն ու Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ան այս մասին տարբեր գիրքեր եւ ուսումնասիրութիւններ ունի։

Աքչամ գլխաւորաբար անդրադարձած էր այն երեւոյթին, որ Թուրքիոյ մէջ պատմութեան գիտակցութեան պակաս գոյութիւն ունի. ժամանակի ընթացքին թուրք տարբեր իշխանաւորներ փորձած են ամէն ինչ ընել, շատ բան փոխել, որպէսզի ներկային ու անցեալին միջեւ կապը անջատուի, որպէսզի կարելի ըլլայ ամբողջովին զրկուիլ անցեալի հասանելիութենէն։ Աքչամի համաձայն, Թուրքիոյ մէջ կայ այն մօտեցումը, որ պէտք է նոր կերպար ստեղծել եւ հինը մոռացութեան գիրկը նետել, բան մը, որ խորքին մէջ իրականանալի չէ, սակայն անոր խորքը կը գտնուի Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը։ Ան դիտել տուած էր, թէ վախ կայ այն մասին, որ անցեալը ճանչնալով՝ թրքական իրականութեան մէջ յարգանքի պակաս կը ստեղծուի թրքական ինքնութեան նկատմամբ, այդ պատճառով ալ թրքական յաջորդական իշխանութիւնները ուզած են հեռացնել անցեալը, չեղեալ նկատել զայն, ինչ որ կրնայ հասկնալի թուիլ, սակայն՝ ո՛չ ընդունելի, մանաւանդ որ հակառակ այս բոլորին, Ցեղասպանութիւնը տակաւին տիրական կը մնայ։

Աւարտին Ժան Կէօքճեան ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ ճանաչման անհրաժեշտութեան, միտքերու համադրում կատարեց, ապա տեղի ունեցաւ քննարկում։

comments

Advertisement