By Asbarez | Thursday, 03 April 2014
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Բրիտանիա հաստատուած Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանի աղբիւրները հաղորդած են, թէ Հինգշաբթի, Ապրիլ 3ին, թէժ մարտեր շարունակուած են Քեսպի շուրջ՝ կեդրոնանալով յատկապէս ռազմագիտական նշանակութիւն ունեցող «Դիտարան թիւ 45» կոչուող բլուրին վրայ, որ ընդդիմադիրներու ձեռքէն վերագրաւուած էր սուրիական բանակին կողմէ:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ սկսած Քեսապի վրայ յարձակումէն ի վեր, երկու կողմերէն հարիւրաւոր զոհեր արձանագրուած են եւ միայն Հինգշաբթի օր, ծայրայեղականներու շարքերէն ներս առնուազն 20 զոհ արձանագրուած է:
Սուրիական բանակի յառաջխաղացքին կը նպաստէ նաեւ սուրիական օդուժը՝ ռմբակոծելով ծայրայեղականներու դիրքերը:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan