«Կիլիկիա» Թանգարանը Կը Ստանայ Նոյեան Տապանէն Կտոր Մը

By Asbarez | Tuesday, 09 August 2011

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս մի քանի օրեր առաջ ստացաւ Նոյեան Տապանի մնացորդներէն մասնիկ մը՝ տարի մը առաջ Արարատ լեռ բարձրացած ու Նոյեան Տապանի հետքերը գտած իտալացի Թիթօ Տէ Լուքային կողմէ:

Նոյեան Տապանի յիշեալ կտորը վեհափառ հայրապետին փոխանցեց իտալացի լեռնագնացին կողմէ, Մխիթարեան Միաբանութենէն հայր Վահան Օհանեան:

Յայտնենք, որ իտալացի լեռնագնացը տարի մը առաջ այցելութիւն տուած էր Անթիլիասի Մայրավանքը: Վեհափառ Հայրապետին թելադրութեամբ Նոյեան Տապանի այս մասունքը պիտի զետեղուի Կիլիկիա Թանգարանին մէջ:


comments

Advertisement