By Asbarez | Wednesday, 09 April 2014
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Քեսապի վրայ անակնկալ յարձակումէն եւ շրջանի բնակչութեան տեղահանութենէն մօտաւորապէս երեք շաբաթ ետք, «Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթը իր Չորեքշաբթի, Ապրիլ 9ի թիւին մէջ, առաջին էջի կէսէն սկսող յօդուածով մը անդրադարձաւ այդ հարցին:
Պէյրութէն գրող յօդուածագիր Փեթրիք ՄըքՏանըլ կը նշէ, թէ Քեսապի պարպումը, որ տեղի ունեցած է Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին, զգայուն ջիղ մը հարուածած է հայութեան մօտ՝ նկատի ունենալով, որ շրջանը պատմական Հայաստանի հայութեամբ բնակեցուած վերջին շրջաններէն մէկն էր, եւ Քեսապը գրաւած իսլամ ծայրայեղական զինեալները կը վայելեն Թուրքիոյ աջակցութիւնը:
Յօդուածագիրը կու տայ նկարագրականը Քեսապի իրադարձութեանց, ապա Լաթաքիա ու Պէյրութ ապաստանած հայերուն մասին գրելու կողքին կ՛անդրադառնայ հարցը լուսարձակի տակ պահելու եւ Քեսապին վերադարձը ապահովելու համար Սփիւռքին կողմէ տարուած աշխատանքներուն:
Յօդուածին ելետրային տարբերակը (որ տեղադրուած էր Ուրբաթ 4 Ապրիլ 2014-ին ) կրնաք ընթերցել հետեւեալ կայքէջէն՝
http://www.latimes.com/world/middleeast/la-fg-syria-kassab-20140404,0,2301911.story#axzz2yY6fKaCr
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Australia Live by Armenia Media: Dr Hrayr & Arda Jebedjian
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan